ՌԻԿԱՅԻ ՍԵՄԻՆ ՍՊԱՍՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան խօսեցաւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան համատեղ օրակարգի զանազան երեսակներուն շուրջ։ Սարգսեան կանգ առաւ երկրէն ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն վրայ, որոնք կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ամբողջին մէջ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ 2015 թուականին զուգադիպած տարելիցին եւ հայ ժողովուրդին տեսակէտէ անոր ունեցած խորհուրդին։ Նկատի ունենալով, որ վերջերս ԵԺԿ-ի կողմէ ընդունուած էր «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ եւրոպական արժէքները» խորագրեալ բանաձեւ մը, Սերժ Սարգսեան այս կապակցութեամբ արտայայտեց իր շնորհակալութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ Սերժ Սարգսեան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց ԵԺԿ-ի նախագահ Ժոզէֆ Տոլին, որ յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին պիտի այցելէ Երեւան՝ մասնակցելու համար ոգեկոչումներուն։
Բաց աստի, Պրիւքսէլի մէջ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի հետ։ Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-ԵՄ շինիչ երկխօսութեան եւ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն, որոնք կողմերուն համոզմամբ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն ԵՄ-ի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ։ Սերժ Սարգսեան եւ Տոնալտ Թուսք նկատի ունեցան նաեւ 2014-ի տարեվերջէն ի վեր քննարկուող Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ նոր իրաւական շրջագիծը ձեւաւորելու հարցը եւ Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի մօտալուտ գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։ Զրուցակիցները շօշափեցին նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային խնդիրներն ու մարտահրաւէրները։
Պրիւքսէլի մէջ ԵԺԿ-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, Սերժ Սարգսեան կարճատեւ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Այս առթիւ քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան եւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ հարցեր։
Ի լրումն այս բոլորին Սերժ Սարգսեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ ֆրանսական հեղինակաւոր «Ֆրանս 24» հեռուստակայանին՝ անդրադառնալով բազմաբնոյթ հարցերու։
Պրիւքսէլի շփումներուն ընթացքին Սերժ Սարգսեանի կողքին էին Եւրոպական միութեան մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար դեսպան Թաթուլ Մարգարեան եւ այլ պաշտօնատարներ։