ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԱՌԹԻՒ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԴԷՊԻ ԳԱՒԱՌԻ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ
Սամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբը վերջերս Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Կեսարիա, Իսքէնտէրուն եւ Վագըֆլըգիւղ։ Սեւան Ակօշեանի խմբավարութեամբ երգչախումբը իրականացուց Ս. Պատարագի երգեցողութիւններ գաւառի մեր այս երեք եկեղեցիներուն մէջ։ Ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց Տ. Զաքէս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որու կողքին էին Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Դպրապետ Խաչիկ Սրկ. Սարըլըի գլխաւորութեամբ Ս. Սեղանին սպասարկութիւնները կատարեցին դպրաց դասու սարկաւագները, կիսասարկաւագները եւ ուրարակիրները։ Ուխտագնացութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Կեսարիան, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Յաւարտ արարողութեան, հոգեհանգստեան պաշտօն մըն ալ կատարուեցաւ Կեսարիոյ հայոց գերեզմանատան մէջ։
Ուխտագնացութեան երկրորդ հանգրուանը եղաւ Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն մանուկ եկեղեցին, որու անուան տօնախմբութեան առթիւ դարձեալ պատարագեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ քարոզեց Քառասուն մանուկներու ամուր հաւատքին շուրջ։ Նոյնպէս հոգեհանգստեան պաշտօն մը տեղի ունեցաւ տեղւոյն գերեզմանատան մէջ։ Իսքէնտէրունէն սկսեալ ուխտաւորաց խումբին միացաւ նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
Սամաթիացիներու ուխտագնացութեան երրորդ հանգրուանը հանդիսացաւ Վագըֆլըգիւղը, ուր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ եւ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն։ Այստեղ եւս հոգեհանգստեան պաշտօն կա-տարուեցաւ գիւղի գերեզմանատան մէջ։
Սամաթիացի ուխտաւորներն ու գիւղի բնակիչները Մեծ պահոց խորհրդաւոր ներկայ օրերուն գիրկընդխառնուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի հաղորդումներով, բազմանդամ խումբը անմոռանալի տպաւորութիւններով վերադարձաւ Իսթանպուլ։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024