ԳՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
Հայ կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանի մշակութային ձեռնարկներու շարքէն ներս կը նախատեսուի հաստատել գրական ընթերցումներու շարք մը։ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից հաւաքատեղիին մէջ երէկ երեկոյեան սկիզբ առաւ այս գրական ընթերցումներուն շարքը։ Կը նախատեսուի, որ ծրագրին մասնակիցները երկու շաբաթը անգամ մը քով քովի գալով զրուցեն իրենց կարդացած գրական մէկ գործին շուրջ։ Զրոյցներու շարքը կը վարէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր, բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։
Գրական ընթերցումներու երէկուան առաջին հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, որ երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանելով անդրադարձաւ ծրագրի նպատակին եւ բարձր գնահատանքով ծանօթացուց Սեւան Տէյիրմենճեանը։
Աւելի վերջ գրական ընթերցումներուն առաջինը կատարուեցաւ կոկիկ թիւով հետաքրքիրներու մասնակցութեամբ։ Առաջին հաւաքոյթին նիւթը եղաւ Շահան Շահնուրի «Յարալէզներուն դաւաճանութիւնը» հատորին համանուն պատմուածքը։ Սեւան Տէյիրմենճեան հանգամանօրէն ներկայացուց Շահան Շահնուրի կենսագրութիւնը։ Ան սփիւռքեան մեր գրականութեան այս յառաջատար դէմքը ծանօթացուց իր ժամանակին ու սերունդին խորապատկերին վրայ, ինչ որ նպաստեց մասնակիցներու մօտ ամբողջական ընկալումի մը ձեւաւորման։ Սեւան Տէյիրմենճեան խօսեցաւ նաեւ Շահնուրի գրական դիմագիծին մասին՝ տալով իր գրականութեան ընդհանուր մէկ պատկերը։ Ընթացքին ան պատասխանեց նաեւ ներկաներու զանազան հարցումներուն։
Այս առաջին զրոյցը աւարտին հասաւ Զէքիեան Գերապայծառի եզրափակիչ խօսքով։ Զրոյցներու շարքը պիտի շարունակուի յառաջիկայ շաբաթներուն։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024