ՎԱՂԸ ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅԱՀՈԾ ԹԱՂԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ՊԻՏԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒԻՆ ՉԱՆԱՔՔԱԼԷԻ ՄԷՋ ԶՈՀՈՒԱԾ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի տնօ­րի­նու­թեամբ, վա­ղը Պոլ­սոյ զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս տե­ղի պի­տի ու­նե­նան մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն­ներ, ո­րոնց կա­պակ­ցու­թեամբ թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն կող­մէ պաշ­տօ­նա­պէս ո­չինչ հրա­պա­րա­կուած է։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մե­զի յայտ­նեց, թէ միայն ութ թա­ղե­րու ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս պի­տի կա­տա­րուին հո­գե­հանգստեան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Քա­ղա­քիս ա­մե­նա­հա­յաբ­նակ թա­ղե­րուն պա­րա­գա­յին կա­տա­րուած է այս կար­գադ­րու­թիւ­նը։

Հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն­նե­րուն ըն­թաց­քին պի­տի ո­գե­կո­չուին այն հայ զի­նուոր­նե­րը, ո­րոնք Օս­մա­նեան բա­նա­կի շար­քե­րուն մէջ զո­հուած էին Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մին ժա­մա­նակ։

Շաբաթ, Մարտ 21, 2015