ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԻ ԴԻՒԱՆԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպսկ. Պեքճեանի նախագահութեամբ 4  Յուլիս 2017, Երեքշաբթի օր, Պատկ. Կրօնական Ժողովի անդամներու, համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած հաւաքոյթով  կազմուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը։

Նորակազմ Նախաձեռնարկ մարմինը իր անդրանիկ նիստը գումարեց 10 Յուլիս 2017, Երկուշաբթի օր, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր, ի ներկայութեան Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեանի։

Կատարուեցաւ դիւանի ընտրութիւն, որուն արդիւնքը կը ներկայացուի ստորեւ, ըստ հետեւեալի.

Ա. Ատենապետ՝     Սարգիս Քիւլէկէչ

Բ. Ատենապետ՝     Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու

Ա. Ատենադպիր՝     Խաչիկ Ճանէլ

Բ. Ատենադպիր՝     Տ. Կորիւն Աւագ Քահանայ Ֆէնէրճեան

Հաշուապահ՝         Սարվէն Սէրթշիմշէք

Մամլոյ բանբեր՝     Սեպուհ Ասլանկիլ

Անդամներ՝            Տ. Տրդատ Քահանայ Ուզունեան, Թորոս Աբիկ, Թադէոս Պէպէք, Վարուժան Պուլկան, Թամար Քարասու, Սարգիս Չավուշեան, Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Նազարէթ Էօզսահակեան, Անդրանիկ Քէօսէտաղ, Սեւան Չավուշեան, Մկրտիչ Սէրթշիմշէք։

Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը որպէս լիազօր խորհուրդ ձեռնարկած է իր աշխատանքներուն, պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը հետապնդելու եւ  աւարտելու առաքելութեամբ։

Սոյն պարագան Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ հաղորդուած է Ներքին գործոց նախարարութեան։

Զայս ի գիտութիւն կը հաղորդուի մեր ժողովուրդին։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

12 Յուլիս 2017

Չորեքշաբթի, Յուլիս 12, 2017