ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻՆ
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ Իսթանպուլի հայահոծ ութ թաղերու եկեղեցիներուն մէջ երէկ յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցան հոգեհանգստեան պաշտօններ, որոնց ընթացքին ոգեկոչուեցան Չանաքքալէի պատերազմին ընթացքին նահատակուածները։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առթիւ նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Արարողութեան ընթացքին ընդհանուր փոխանորդը խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթաքին հարիւր տարի առաջուան Չանաքքալէի պատերազմին ժամանակ նահատակուած քրիստոնեաներու, մահմետականներու, հրեաներու եւ անաստուածներու հոգւոյն հանգստութեան համար աղօթք բարձրացուց առ Աստուած։
Արարողութիւններուն ներկայ գտնուած է նաեւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու։
*
Ծ.Խ.- Պատրիարքական Աթոռը նման ծրագրեր կեանքի կոչելու ժամանակ վերջին տարիներուն դժբախտաբար ծայր աստիճան անլուրջ, հակասական ու սիրողական գործելաոճի մը կը հետեւի։ Մեր եկեղեցիներէն ներս երէկ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան պաշտօնները արձագանգ գտած են թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին մեզի յայտնած էր, որ հոգեհանգստեան պաշտօնները պիտի կատարուէին միայն Չանաքքալէի մէջ զոհուած հայ զինուորներուն համար։ Սա բնականաբար բոլորովին միակողմանի եւ երկրի ներկայ մթնոլորտին մէջ աննպատակայարմար քայլ մը պիտի ըլլար։ Այդքանով հանդերձ, չենք գիտեր, թէ ինչո՞ւ Նորին Սրբազնութիւնը փափաքած էր թրքահայ հանրային կարծիքին այդպէս մատուցել նիւթը։ Այսօր արդէն տեղական մամուլէն բազմաթիւ թերթեր բացայայտօրէն գրած են, թէ ոգեկոչումները այդքանով սահմանափակուած չէին։ Նոյնիսկ մէջ-բերուած են Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի թրքերէնով խօսուած քարոզէն խօսքեր, որոնք յաւելեալ մեկնաբանութեան մը կարիքը չեն ստեղծեր։
Պատրիարքարանը ինչո՞ւ անկեղծ չէ հանրային կարծիքին հետ։ Ինչո՞ւ նոյն նիւթին վերաբերեալ տարբեր շեշտադրումներով տեղեկութիւններ կը մատուցուին տարբեր լրատուամիջոցներուն։
Այսպիսի նուրբ իրավիճակներու մէջ, գերադասելին այն է, որ Պատրիարքարանը պաշտօնապէս, գրաւոր ձեւով տեղեակ պահէ հանրային կարծիքը։ Երեւակայեցէք, տեղական թերթերէ շատերու պարագային այսօրուան հաղորդումներուն համար որպէս աղբիւր ցոյց տրուած է Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանին կողմէ թողարկուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը, քարոզչական երանգներով հանդերձ։ Այսպէ՞ս է, որ հանրային կարծիքին պէտք է մատուցուի մեր Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կատարուած նախաձեռնութիւն մը։ Հոգեհանգստեան պաշտօններէն առաջ ո՛չ Պատրիարքարանը բան մը ըսած է մեր համայնքին, ոչ ալ՝ թաղային խորհուրդները այն եկեղեցիներուն, ուր տեղի ունեցած են հոգեհանգստեան պաշտօնները։ Կարծես թէ կատարուածը ժողովուրդէն թաքցնելու, մեր հաւատացեալները կատարուած իրողութեան մը առջեւ թողելու նպատակը հետապնդուած ըլլար։ Բնականաբար, այդպէս չէ եղած, սակայն ա՛յս վերաբերմունքը ակամայ կը ստեղծէ այնպիսի տպաւորութիւն մը։
Հազար ափսոս, որ Պատրիարքարանը այսպիսի իրավիճակներու մէջ հետզհետէ կը խորացնէ սիրողական գործելակերպը եւ անխուսափելիօրէն իր իսկ պարագային կը ստեղծէ խեղճի տպաւորութիւն։
Նման պարագաներու մէջ առաւելագոյն նախանձախնդրութիւն պէտք է ցուցաբերել, որպէսզի Պատրիարքարանին առնելիք քայլը շատ հասկնալի ու պարզ ըլլայ թէ՛ ընդհանուր հասարակութեան եւ թէ մեր համայնքին տեսակէտէ։ Այլապէս, առկայ ընթացքը մեր համայնքին տեսակէտէ որեւէ օգուտ չի բերեր։ Համայնքի քաղաքացիական պատասխանատուութիւններուն վերաբերեալ նիւթերուն շուրջ պէտք չէ՞ ըլլալ աւելի բծախնդիր։
Որպէս վերջին հանգամանք աւելցնենք նաեւ հետեւեալը. Եթէ Պատրիարքական Աթոռը ըրած է տնօրինութիւն մը, ապա համապատասխան եկեղեցական արարողութեան ընդհանուր փոխանորդը պէտք է նախագահէ բացառապէս Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Ուրիշ որեւէ տեղ չ՚ունենար համապատասխան կշիռը։ Այսօրուան երեւոյթը այն է, որ Պատրիարքարանը նոյնիսկ ինքն իսկ հետզհետէ կը հեռանայ կեդրո՛ն մը ըլլալու գիտակցութենէն։