ՅՈՅՍՈՎ ԵՒ ՀԱՒԱՏՈՎ

Իրաքի քրիստոնեաներու եւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, ինչպէս նաեւ կրօնական եւ այլ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու հարցերու քարտուղարութեան ղեկավարը վերջին օրերուն այցելեցին Հայաստան։ Անոնց այցելութիւնը կազմակերպուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի ջանքերով։ Ինչպէս հաղորդած էինք, հիւրերը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ անցեալ Կիրակի մասնակցած էին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած խաղաղութեան աղօթքին։ Խումբը երէկ ալ հիւրընկալուեցաւ Նորին Սրբութեան կողմէ։

Իրաքի Քրիստոնէութեան աւանդապահութեան նախարար Ռաատ Քաչաչի եւ միւս հիւրերը Նորին Սրբութեան ներկայացուեցան Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի կողմէ։ Այնուհետեւ ներկաներուն իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը՝ ընդգծելով, որ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներն ու ժողովուրդները մշտապէս իր աղօթքներուն մէջ են։ Նորին Սրբութիւնը տեղեկացուց, որ հետեւելով զարգացումներուն կ՚ապրի մեծ ցաւ՝ հաղորդ դառնալով բախումներու հետեւանքով մարդկային կորուստներուն եւ աւերներուն, կրօնական անհանդուրժողութեան դրսեւորումներուն։

Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ հայ ժողովուրդը բազում ողբերգութիւններ, աւերներ եւ կոտորածներ տեսած է իր պատմութեան մէջ, սակայն հաւատքով յաղթահարած է իր կեանքի բոլոր մահերը եւ յարութիւն առած Քրիստոսի հաւատքով։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ օժանդակութեամբ Իրաքի ժողովուրդի ամուր, հաստատուն կամքով պիտի յաղթահարուին բոլոր դժուարութիւնները եւ պիտի վերակենդանանան Իրաքի փառքի օրերը, խաղաղ եւ երջանիկ կեանքի։ Վեհափառ Հայրապետը այս մաղթանքով իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ի Քրիստոս հոգեւոր եղբայրներուն, որոնք կը շարունակեն մնալ իրենց հաւատաւոր հօտի կողքին՝ յոյսով եւ հաւատով լեցնելով անոնց կեանքը դէպի վաղուան օրը։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կատարեց նաեւ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու միջեւ դարաւոր եղբայրական յարաբերութիւններուն, հաշտ եւ համերաշխ գոյակցութեան, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէ ներս եկեղեցիներու եւ այլ կրօնական յարանուանութիւններու հետ Հայ Եկեղեցւոյ ունեցած ջերմ կապերուն։ Այս կապակցութեամբ ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Իրաքի իշխանութիւններուն ի դէմս հանդիպման ներկայ նախարար Քաչաչիին՝ հայ համայնքին ու թեմին նկատմամբ ցուցաբեր-ւած մշտական աջակցութեան եւ զօրակցութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի գեղեցիկ նախաձեռնութեան մասին՝ շեշտելով, որ նման այցելութիւններն ու մէկտեղումները զիրար կը զօրացնեն։ Ան մաղթեց, որ Աստուած ամուր, անսասան եւ օրհնեալ պահէ եղբայրական կապերն ու գործակցութիւնը քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ այլ կրօններու միջեւ։

Զրոյցի տեւողութեան Ռաատ Քաչաչի հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը՝ փոխանցելով Վեհափառ Հայրապետին Իրաքի պետութեան ջերմ ողջոյններն ու այցելութեան հրաւէրը։ Ան անդրադարձաւ պետութեան հետ կրօնական համայնքներու կապերու եւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ պետութեան կողմէ ձեռնարկուած վերականգնման ու կառուցման աշխատանքներուն եւ ցուցաբերուած զօրակցութեան։ Այս առընչութեամբ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ այսօրուան պայմաններուն ներքեւ առաւել չափով կարեւոր է հոգատար վերաբերմունքը համայնքներու նկատմամբ։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ՄՕՏ

Միւս կողմէ, Ռաատ Քաչաչի եւ իրեն ընկերակից Իրաքի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Ողջունելով հիւրերը՝ Նալպանտեան շեշտեց, որ Հայաստան միջազգային հարթակներու վրայ բազմիցս դատապարտած էր ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ իրականացուած բռնութիւնները, բարձրաձայնած է Իրաքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի այլ երկիրներէն ներս ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները, ներառեալ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները եւ իր նպաստը կը բերէ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ միջազգային ջանքերուն։

Նախարարը այս համատեսքին մէջ կարեւորեց տարածքաշրջանի հինաւուրց համայնքներէն մէկուն՝ իրաքահայութեան, անոր մշակութային, կրօնական ու համայնքային հաստատութիւններու պահպանութիւնը։ Ան բարձր գնահատեց կեդրոնական եւ շրջանային իշխանութիւններու արժէքաւոր օժանդակութիւնը՝ Քերքիւքի եւ Էրպիլի մէջ հայկական եկեղեցիներու կառուցման համար։ Եդուարդ Նալպանտեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Իրաքի տարածքի մեծ մասը վերջին շրջանին ազատագրուած է ԻՇԻՊ-էն։ Սա էական նշանակութիւն ունի տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան վերահաստատման առումով։

Հանդիպման ընթացքին հիւրերն ալ անդրադարձան Իրաքէ ներս տիրող իրավիճակին, ահաբեկչական ու ծայրայեղական խմբաւորումներու կողմէ իրականացուող բարբարոսութիւններուն, համայնքներու առկայ խնդիրներուն, Իրաքի կառավարութեան եւ միջազգային հանրութեան կողմէ անոնց լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն։

Զրուցակիցները կարեւորեցին տարածքաշրջանի ազգային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանումը եւ հանդուրժողականութեան ու համակեցութեան աւանդութիւններու վերականգնումը։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017