ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ ընդունեց «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնարկի ամերիկեան խորհրդատուական կոմիտէի անդամները, որոնց հետ էին նաեւ վարչութեան նախկին անդամներ, նուիրատուներ եւ հիւրեր։ Խումբը գլխաւորեց հիմնարկի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Մայքըլ եւ Մարի Յարաթունեան ամոլը։ Խումբին մաս կազմեցին նաեւ Ամերիկայի Երիցական եկեղեցւոյ համաշխարհային առաքելութեան տնօրէն վերապատուելի Խոսէ Լուիս Քասալ եւ «Ճինիշեան» հիմնարկի ամերիկեան գրասենեակի տնօրէն Էլիզա Մինասեան։ Նկատի ունենալով, որ «Ճինիշեան» հիմնարկը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 50-ամեակը՝ այս մեծ խումբը դէպի Հայաստան ուխտագնացութեան մը ձեռնարկած է սոյն յոբելեանին առթիւ։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ նշեց, որ «Ճինիշեան» հիմնադրամը Հայաստանի մէջ հաստատուած է անկախութենէն անմիջապէս վերջ, բազմաթիւ բարեգործական ծրագրեր իրականացուցած է՝ մեծ աջակցութիւն ապահովելով երկրին եւ ազգին յատկապէս դժուարին տարիներուն։

Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ «Ճինիշեան» հիմնարկի միջեւ եւս գոյութիւն ունի սերտ համագործակցութիւն։ Այսպէսով այս հիմնարկը կը բերէ իր կարեւոր ներդրումը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շարք մը ծրագրերուն, ներառեալ՝ թեմերէ եւ հոգեւոր կառոյցներէ ներս ձեռնարկուած կրթական, ընկերային ու համայնքային զարգացման ուղղեալ բարեգործական նախագծերը։

Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ ընդարձակ գործունէութեան։

Վեհափառ Հայրապետէ հրաժեշտ առնելէ վերջ հիւրերը այցելեցին Սուրբ Էջմիածնի թանգարանները եւ Մայր Տաճարի մէջ մասնակցեցան Ս. Պատարագի արարողութեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2017