ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Երէկ յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական համագումար ժողով։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան Պատրիարքական Աթոռի ենթակայ հոգեւոր հայրերը։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Կրօնական ժողովի նիստի ընթացքին որոշուած էր կազմակերպել Եկեղեցական համագումարի նիստ։ Նպատակն էր համալրել Կրօնական ժողովի կազմէն պակսած անդամները։
Երէկուան համագումարի սկիզբին տեղապահ սրբազան հայրը հանդէս եկաւ բացման խօսքով։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ անդրադարձաւ համագումարի նպատակին։ Նորին սրբազնութիւնը մատնանշեց, որ Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան ներկայիս անկողնոյ կը ծառայէ, իսկ Տ. Եղիա Ա. Քհնյ. Քերվանճեան հաստատուած է արտասահման։ Հետեւաբար անհրաժեշտութիւն յառաջացած է Կրօնական ժողովի շարքերը լրացնել։
Բաց քուէարկութեամբ կազմուեցաւ ժողովի դիւանը։ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան ընտրուեցաւ ատենապետ, իսկ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան՝ ատենադպիր։ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եղան քուէախոյզներ։ Փակ քուէարկութեան արդիւնքով Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեցան Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան եւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Արդիւնքի հրապարակումէն վերջ նորընտիր տէր հայրը հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։
Համագումարը աւարտին հասաւ տեղապահ սրբազան հօր աղօթքով։