ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ
Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, շաբաթավերջին, ձեռամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ներկաներու շարքին էին նաեւ Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, քոյր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Եկեղեցւոյ մայր դրան առջեւ կատարուած Դռնբացէքի արարողութենէն յետոյ, ներկաներ մուտք գործեցին աղօթատուն։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, նորին սրբազնութիւնը սրբալոյս միւռոնով օծեց Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ աւագ խորանը, քովնտի սուրբ սեղանները, մկրտութեան աւազանը եւ քովնտի մատուռներու սուրբ սեղանները, որոնք նուիրուած են Ս. Յարութեան եւ Ս. Ստեփանոսի։
Նաւակատիքի արարողութեան աւարտին, կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Արարողութեան աւարտին քարոզեց նորին սրբազնութիւնը եւ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ համանուն սուրբի վարքին եւ ըսաւ. «Ս. Նիկողայոս, Քրիստոսի խօսքէն ազդուելով թէ՛ թողած էր իր ունեցած հարստութիւնը եւ թէ հոգեւորական դառնալով, առանց իր անձը յայտնելու անթիւ բարեգործութիւններ ըրած էր։ Պոլսոյ հեռաւոր այս եկեղեցին ընծայուած է այս սուրբի յիշատակին եւ անցեալէն մեզի հասած պատմական արժէքներէն մէկն է։ Ներկայիս այնպէս մը եղաւ, որ այս եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած հայերու թիւը նուազեցան։ Բայց եւ այնպէս եկեղեցին Աստուծոյ ողորմութեամբ տիրացաւ որոշ եկամուտներու եւ Ս. Նիկողայոսի նման, այլ եկեղեցիներու եւ կրթական հաստատութիւններու օժանդակել սկսաւ։ Պէյքոզի եկեղեցին ունի նաեւ իր հաւատարիմ պահապանները, որոնք երկար տարիներէ ի վեր կը հոգան այս եկեղեցւոյ կարիքներուն։ Իրենց աշխատութեամբ, այսօր եկեղեցին բարեզարդուած է եւ իր պայծառութեամբ կը դիմաւորէ հաւատացեալները։ Այս առթիւ կը գնահատենք իրենց ծառայութիւնը»։
Ժամերգութիւնը, աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական աղօթքով։ Արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։
Իսկ, յաջորդ առաւօտ, պաշտամունքի վերաբացուած եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Նիկողայոսի տօնին առթիւ կիրակնօրեայ արարողութիւններ տեղի ունեցան նախագահութեամբ՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, որուն ձեռամբ եկեղեցւոյ նորաօծ Ս. Սեղանի վրայ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։ Ս. Սեղանին սպասարկեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Յովսեփ Ուրարակիր Դպիր Գույումճեանի։ Արարողութեան ներկայ եղան Պոլսոյ տարբեր թաղերէն Պէյքոզ եկած բազմաթիւ ուխտաւորներ։ Սրբազան հայրը իր խօսքերուն մէջ անգամ մը եւս շեշտեց, թէ առանց նկատի ունենալու հեռաւորութիւնը, պէտք է խնամենք մեր բոլոր եկեղեցիները։ Մենք մեր եկեղեցիները, կրթական հաստատութիւնները եւ համայնքային մարմինները որպէս ժառանգ ստացած ենք մեր նախնիներէն, ուստի պէտք է տէր կանգնինք բոլորին եւ աւանդենք յաջորդ սերունդներուն։ Ս. Պատարագի աւարտի յիշատակուեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորները, հիմնադիրները, սպասաւորներն ու բարերարները։