ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ աւագ հիւպատոս Մուհամմէտ Ահմէտ Հաճը Իպրահիմը։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը բարեմաղթանքներ յղեց դեսպանին՝ նշանակման առթիւ։ Ան մաղթեց, որ նորանշանակ դեսպանը ունենայ արդիւնաւէտ առաքելութիւն՝ ի նպաստ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան շարունակման։
Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը եւ դեսպանը քննարկեցին Սուրիոյ առկայ կացութիւնը։ Անոնք անդրադարձան հակամարտութեան հետեւանքով արձանագրուած ցաւալի կորուստներուն եւ պատահած աւերներուն։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւոր մտահոգութիւն արտայայտեց Սուրիոյ ժողովուրդին, ներառեալ հայ համայնքի կրած տառապանքներուն ու դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան նուազեցման կապակցութեամբ։ Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Հայոց Եկեղեցին պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը բերել Սուրիոյ ժողովուրդին։ Ան տեղեկացուց, որ այս առընչութեամբ Մայր Աթոռը մշտական շփման մէջ է Դամասկոսի Հայոց Թեմի առաջնորդի եւ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ՝ միջեկեղեցական հանդիպումներուն ժամանակ եւ այլ զանազան հարթակներու վրայ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրներուն եւ հակամարտութեան կարգաւորման նպաստելու վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատ-ւած սուրիահայոց համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ի սպաս դրուած հոգեւոր եւ նիւթական աջակցութեան շուրջ։
Իր կարգին, դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ դժուար ժամանակաշրջանին մէջ Սուրիոյ ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։ Ան առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ կարեւորեց նաեւ դերակատարութիւնը սուրիահայ համայնքի, որ մշտապէս մեծ յարգանք կը վայելէ երկրէն ներս։ Դեսպանը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի եւ գլխաւոր միւֆթի Ահմէտ Պետիր էլ Տին Հասունի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները։
Զրոյցի վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց Սուրիայէ ներս խաղաղութեան վերահաստատման համար։ Ան հայցեց Բարձրեալի հովանին եւ պաշտպանութիւնը Սուրիոյ բարեսէր ժողովուրդին, ու մաղթեց, թէ երկրէն ներս սկսած վերականգնման աշխատանքներու արդիւնքով բոլորը շուտով կարենան վերադառնալ իրենց բնակութեան վայրերը։