ԿԱՐԵՒՈՐ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ երէկ սկսաւ գիտաժողով մը։ «Սուրբ Յովհան Օձնեցի իմաստասէր կաթողիկոսը եւ իր ժամանակը» խորագրեալ այս գիտաժողովը տեղի կ՚ունենայ մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի երդիքին տակ։ Երանաշնորհ հայրապետի գահակալութեան 1300-ամեակին ձօնուած է այս գիտաժողովը։ Յոբելենական ձեռնարկը կազմակերպուած է՝ Գուգարաց Թեմի, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի նախաձեռնութեամբ։

Գիտաժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։ Գիտաժողովի մասնակիցները ողջունեց նաեւ Մայր Աթոռի Մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամն ու օրհնութիւնը։ Ան բոլորը ողջունեց երանելի հայրապետին նուիրուած գիտաժողովի գումարման առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ այս գիտաժողովը եւս մէկ առիթ է գնահատելու համար Յովհաննէս Օձնեցի Ս. Հայրապետի վաստակը մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, արժեւորելու համար անոր հարուստ ժառանգութիւնը, քրիստոնէական հաւատքի անաղարտութեան պահպանման համար իր կողմէ ներդրուած նուիրական ջանքերը եւ իր ժողովուրդը անկորուստ պահպանելու խնամքն ու հոգածութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը սա նաեւ նկատեց բազմաշնորհ հայրապետի եկեղեցանուէր ու հայրենանուէր ոգիով նորոգուելու առիթ մը։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.

«Մեր ժողովուրդը սրբացուցած է Յովհաննէս Օձնեցի Կաթողիկոսը եւ իր երեւելի հովուապետը մեծարած «իմաստասէր» անունով։ Իմացութեան եւ գիտութեան նկատմամբ սէրը, ինչպէս նաեւ առաքինութեամբ եւ հոգեւոր սխրանքներով լեցուն կեանքը լաւագոյնս կը նկարագրեն իր կերպարը։ Իր անձին մէջ ի մի եկած են քաջիմաստ աստուածաբանի, շնորհաշատ քարոզչի ու հռետորի, խոհեմ առաջնորդի ու դիւանագէտի յատկանիշները։ Ան կը յիշուի որպէս «երկրորդ Ոսկեբերան», Թադէոս ու Բարթողոմէոս առաքեալներու, Գրիգոր Լուսաւորչի գործը շարունակող մեծ իմաստասէր եւ նոր առաքեալ։

«Երանաշնորհ հայրապետը մեծ բարենորոգիչ էր։ Մեր եկեղեցւոյ փառաւոր էջերէն է իր ընդամէնը տասնամեայ գահակալութիւնը, որու ամբողջ ընթացքին Յովհաննէս Օձնեցին հետեւողական պայքար մղեց Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան անաղարտ պահպանման, մեր եկեղեցւոյ դաւանանքն ու ծէսը տեսականօրէն հիմնաւորելու եւ այդ ծիրին մէջ մեր եկեղեցւոյ քրիստոսաբանական նկարագիրը ամբողջացնելու համար։ Իր ճառերով, ծիսական կանոններով եւ անոնց մեկնաբանութեամբ, Կանոնագրքի կազմումով, նոյնիսկ անզուգական շարականներով ու հոգեւոր երգերով, որ կը կրեն անոր աստուածաբանական մտքի դրոշմը եւ հաւատքի երկնաթռիչ շունչը, Յովհաննէս Օձնեցի հայրապետը, ամենայն իրաւամբ, կը համարուի մեր ուղղափառ հաւատքի հիմնասիւներէն մին։

«Հայկական պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն Յովհան Օձնեցի նաեւ խոհուն եւ քաջ առաջնորդ եղաւ։ Իր իմաստութեամբ եւ հոգեւոր նկարագրով ան կարողացաւ շահիլ արաբ խալիֆայի վստահութիւնը եւ մեծ պատերազմներով լի ժամանակաշրջանին իր ժողովուրդը հեռու պահել նոր փորձութիւններէ ու համախմբել մեր եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ։ Մեր ժողովուրդի ապահովութեան, անոր հաւատքի անսասանութեան եւ քրիստոնէական կեանքի ամրութեան համար մեծ հայրապետի հոգածութիւնն ու արդիւնաւոր ջանքերը առ այսօր հիասքանչ օրինակ են մեզի եւ յետագայ սերունդներու համար։ Արդարեւ, այսօր ալ, երբ օրուայ հրամայականն է դիմագրաւումը զանազան գաղափարախօսութիւններու, որոնք միտուած են մեր եկեղեցւոյ դաւանանքէն, ծէսէն իր զաւակները հեռացնելու, ազգային միասնութիւնը քայքայելու, Յովհաննէս Օձնեցիի գործունէութիւնը վերիմաստաւոման եւ վերարժեւորման նոր ու կարեւոր խորհուրդ մը կը ստանայ։

«Մեծագործ հայրապետի 1300-ամեակը հրաւէր է վառ պահելու իր սուրբ յիշատակը եւ աւելի վառ՝ այն սէրը, որով հայոց հոգելոյս հայրապետը պայծառ պահած է Հայ Եկեղեցւոյ լոյսը եւ իր կեանքով աւելցուցած պայծառութիւնը հոգեւոր մեր տան։ Սա է իր մեծագոյն պատգամը, հայրական յորդորն ու խրատը մեզ։ Եւ չկայ աւելի մեծ գնահատական անոր կեանքին ու գործին, քան մեր հաւատարմութիւնը իր թողած անգնահատելի ժառանգութեան եւ առաքելաշաւիղ ընթացքին»։

Վեհափառ Հայրապետի ողջոյնի խօսքէն վերջ սկսաւ գիտաժողովի լիագումար նիստը, որու ընթացքին ներկայացուեցան զանազան զեկուցումներ։ Լիագումար նիստին նախագահեց Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Լիագումար նիստէն յետոյ զուգահեռ նիստեր տեղի ունեցան Ճեմարանի «Կոմիտաս» սրահին եւ Մատենադարանի մէջ։

Այս գիտաժողովի աւարտին տեղի կ՚ունենայ «Հայրապետական Աթոռին Փառքը» գիրքին շնորհանդէսը։ Հեղինակն է ճարտարապետ Փրոֆ. Գառնիկ Շախկեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2017