ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՓԵՔԻՆԻ ՄԵՏԱՔՍԻ ՄԵԾ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ՄԱՍԻՆ ՄՇԱԿԱԾ ԾՐԱԳԻՐԸ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շարունակեց իր պաշտօնական շփումները Փեքինի մէջ։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ Չինաստանի Ժողովրդական ներկայացուցիչներու համաչինական ժողովի մշտական կոմիտէի նախագահ Ճանկ Տըծեանի եւ Չինաստանի Պետական խորհուրդի նախագահ Լի Քեցեանի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան երէկուան հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ Հայաստան Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները կը դիտարկէ որպէս իր արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մին։ Հայկական կողմը մեծ նշանակութիւն կու տայ երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման՝ նկատի ունենալով, որ Չինաստան միջազգային հանրութեան ազդեցիկ անդամներէն մին է եւ կը ներկայացնէ աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մին։
Լի Քեցեան, որ կը գլխաւորէ Չինաստանի գործադիր իշխանութիւնը, Սերժ Սարգսեանի հետ զրուցելու ընթացքին կարեւորեց Հայաստան-Չինաստան Առեւտրատնտեսական համագործակցութեան հարցերով համատեղ յանձնաժողովին աշխատանքը։ Յառաջիկայ ամառ Երեւանի մէջ նախատեսուած է նաեւ միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը։ Կողմերուն համոզմամբ՝ օրակարգի վրայ պէտք է ընդգրկուին երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարային բոլոր ծրագրերը։
Սարգսեան եւ Քեցեան գոհունակութեամբ արձանագրեցին երկկողմանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ վերջին տարիներուն արձանագրուած յառաջընթացը։ Սերժ Սարգսեան ողջունեց Մետաքսի մեծ ճանապարհի վերականգնման ուղղեալ՝ Չինաստանի նախաձեռնութիւնը եւ այդ ծրագրի իրագործման առաջադրութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքը։ Ան ըսաւ, թէ կրնայ Հայաստան իր ներդրումը ունենալ այս նախագծին համար։ Ուստի, զրուցակիցները անդրադարձան Հիւսիս-Հարաւ փոխադրութեան միջանցքին, Հայաստան-Իրան երկաթուղիին, Հայաստանի մէջ նոր աթոմակայանի կառուցման ծրագրին, չինական ընկերութիւններու հաւանական մասնակցութեան։
Միւս կողմէ, Սերժ Սարգսեան երէկ Թիանանմէնի հրապարակին վրայ ծաղկեպսակ մը զետեղեց ժողովրդական հերոսներու յուշարձանին մօտ՝ մատուցելով իր յարգանքի տուրքը։