ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ըն­տա­նի­քին կող­մէ ե­րեք ար­ժէ­քա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ Ա­նի Սա­րա­ճան, Սա­րօ Սի­րա­կա­նեան եւ Նու­պար Կիւ­զէլ­տէվ­լէ­թեան։ Ինչ­պէս ար­դէն ծա­նու­ցուած է, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ այ­սօր ե­րե­կո­յեան տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հո­գե­ւոր հա­մերգ մը։ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի այս հա­մեր­գը կը զու­գա­դի­պի Մեծ պա­հոց շրջա­նին։ Երգ­չա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը փա­փա­քած էին ե­րե­կոյ­թին ըն­դա­ռաջ այ­ցե­լել խմբագ­րա­տունս եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցել ծրագ­րին շուրջ։ 
Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ընդ­հան­րա­պէս տա­րե­մու­տին, Ս. Ծննդեան տօ­նի նա­խօ­րեա­կին մեր երգ­չա­խում­բե­րը հո­գե­ւոր հա­մերգ­նե­րով հան­դէս կու գան մեր զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ։ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը այ­սօ­րուան հա­մեր­գով ար­դէն այդ նա­խըն­թա­ցին վրայ կ՚ա­ւելց­նէ նոր ե­րե­սակ մը եւ ա­հա Ս. Զատ­կի տօ­նին նա­խոր­դող օ­րե­րուն կը սար­քէ հո­գե­ւոր հա­մերգ մը։ Թէ՛ մեր ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն եւ թէ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն վստա­հա­բար ե­զա­կի ա­ռիթ մը կը դառ­նայ այս մէ­կը։ 
Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը այ­սօ­րուան հա­մար նա­խա­տե­սուած յայ­տա­գի­րը կը գոր­ծադ­րէ խմբա­վար Ատ­րու­շան Սրկ. Հա­լա­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ եւ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի նուա­գակ­ցու­թեամբ։ 
Ընդ­հան­րա­պէս հայ հե­ղի­նակ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ յայ­տա­գի­րը կ՚ընդգր­կէ նաեւ օ­տար յայտ­նի հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծեր։ 

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015