ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՈԳԵՒՈՐ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ Նուպարիկ Համամճեանի յիշատակին ձօնուած ֆութսալի մրցաշարքը վերջին շրջանին արժանացաւ մեր մարզասէր շրջանակներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Հինգ խումբերու մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ այս մրցաշարքը։ Նախընթաց օր տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքի եզրափակիչը, որու արդիւնքին ախոյենութիւնը նուաճեց Շիշլիի խումբը։
Մրցումէն վերջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանգուցեալ Նուպարիկ Համամճեանի որդին՝ Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան։ Եզրափակիչին ներկայ էին նաեւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր ընկերները, որոնք շնորհաւորեցին բոլորը։
աւարտականի մասնակից մարզիկները, մարզիչները եւ մրցաշարքի կազմակերպիչները։
Թրքահայ կեանք
- 03/12/2025
- 03/12/2025