ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ՝ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՄԷՋ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջին օրերուն բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Աւստրալիոյ մէջ։ Իր այցելութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց Աւստրալիոյ հայութեան մօտ։ Մայրաքաղաք Քամպերայի մէջ երկրի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ պաշտօնական շփումներ ունենալու առընթեր Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց հայաբնակ գրեթէ բոլոր քաղաքներն ու շրջանները։ Իր մասնակցութեամբ իրականացաւ «Հայկական փառատօն 2015»ը Սիտնի քաղաքին մէջ։ Իր կեցութեան օրերուն նախարարը մէկտեղուեցաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճառեանի հետ։
Հրանոյշ Յակոբեանի ծրագրին վրայ մասնաւոր առաջնահերթութիւն ներկայացուցած են աւստրալահայ կրթօճախները։ Ան այցելած է բազմաթիւ շրջաններու հայկական վարժարաններ՝ բոլորին կողմէ ողջունուելով մեծ ոգեւորութեամբ։ Բոլոր կրթօճախներէն ներս Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորութեամբ կանգ առած է նոր սերունդի հայերէնի իմացութեան անհրաժեշտութեան վրայ։
Բացի վարժարաններէն, Յակոբեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ աւստրալահայութեան բարենպատակ կառոյցներու, մշակութային կամ մարդասիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ խրախուսելով բոլորին գործունէութիւնը։
Հրանոյշ Յակոբեանի այս ուղեւորութիւնը կ՚իրականանայ՝ կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մասնաճիւղին եւ անոր յարակից մարմիններու ջանքերով։