ՄԱՀ՝ ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Պէյրութի մէջ մահացած է լիբանանահայ գրող, ուսուցիչ, լրագրող, հասարակական գործիչ Պէպօ Սիմոնեան (Պետրոս Գալայճեան):
Պէպօ Սիմոնեան ծնած է 1937-ին, Աղեքսանդրիա: Երկու տարի ետք ընտանիքով տեղափոխուած է Պէյրութ: Նախնական կրըթութիւնը ստացած է Նշան Փալանճեան ճեմարանին եւ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ: Այնուհետեւ աւարտած է «Սէն Ժոզէֆ» ֆրանսական համալսարանի արեւելեան դպրութեան կաճառի հայագիտական ճիւղը: Աւելի քան քառասուն տարի զբաղած է մանկավարժութեամբ, զուգահեռաբար նաեւ լրագրութեամբ: Անդամ է Լիբանանահայ Գրողներու համախմբումի եւ քարտուղարութեան, անդամ է «Կամար»ի եւ «Շիրակ» գրական հանդէսներու խմբագրական կազմերուն։
Պէպօ Սիմոնեան հեղինակ էր բազմաթիւ չափածոյ, արձակ, գրաքննադատական եւ հրապարակախօսական ժողովածոներու: Անոր բանաստեղծական գիրքերէն յիշատակելի են «Նախերգանք» (1968), «Կանաչներու առասպելը» (1977), «Մարդեղութիւն» (1981), «Ծառին ճիչը» (1991), «Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց» (2004) ժողովածոները: Արձակ գործերէն յիշենք «Ծուէն-ծուէն» (1981), «Մայրիներու արմատները» (1986), «Ակնթարթներ մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» (2012) գիրքերը: Անոր գրականագիտական ուսումնասիրութիւնները ամփոփուած են 2012-ին լոյս ընծայուած «Էջեր եւ նիւթեր գրականութեան» երկու հատորներու մէջ:
Պէպօ Սիմոնեան պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, իսկ 2012-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» մետայլի:
Երախտաշատ գրողը եղած է նաեւ հայրենանուէր մտաւորական մը։ Իր վաստակը ամուր եւ անխորտակ կամուրջ մը եղած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւններուն մէջ։ Ան ապրած ու գործած է համապատասխան խանդավառութեամբ ու եռանդով։