ՄԻՇՏ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Անգարայի ղեկավարութիւնը Ապրիլի 24-ի ընդառաջ կը շարունակէ հանդէս գալ Երեւանի ղեկավարութեան ուղղեալ խիստ ոճով յայտարարութիւններով։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն անդրադարձաւ «France 24» հեռուստակայանին տուած ծաւալուն հարցազրոյցին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս հեռուստակայանը անցեալ շաբաթ ալ տեսակցութիւն մը ունեցած էր Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Էրտողան ֆրանսական հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ մեղադրանքներ հնչեցուցած է հայկական կողմի հասցէին։ Ան կրկնած է, որ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղեալ Թուրքիոյ քայլերը թողուած են անպատասխան։
«Խաղաղութեան համար ամէն անգամ մեր ձեռքը երկարեցինք, սակայն զայն սեղմող չեղաւ», ըսաւ Էրտողան եւ յիշեցուց անցեալ տարի Ապրիլի 23-ին հրապարակած իր պատգամը։ Ան դժգոհութիւն յայտնեց, թէ Հայաստան դրական արձագանգ մը չէ տուած իր ուղերձին։
Անդրադառնալով Չանաքքալէի ոգեկոչումները Ապրիլի 24-ին զուգադիպեցնելու որոշման՝ Էրտողան ըսած է հետեւեալը. «Այդ բանը ընելու համար Հայաստանէն թոյլտուութիւն պիտի չխնդրէինք»։ Հանրապետութեան նախագահը հերքած է այն փաստը, թէ Չանաքքալէի ոգեկոչումներու օրը այս տարի դիտումնաւոր որոշուած է իրականացնել Ապրիլի 24-ին։ Հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ եւս արձագանգ գտած են Էրտողանի այս յայտարարութիւնները, որոնց մէջ ան պնդած է, թէ Հայաստանի ոգեկոչումներուն օրը յարմարեցուած է Թուրքիոյ միջոցառումներու օրուան։
Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ կրկնեց Թուրքիոյ նախապայմանները՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման հարցին շուրջ։ Հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան շեշտեց, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը պայմանաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրով։
Թուրքիա կը ծրագրէ՞ վերակենդանացնել հայ-թրքական արձանագրութիւնները։ Այս հարցին ի պատասխան Մեւլիւտ Չավուշօղլու նշեց, թէ Հայաստան պէտք է սորվի լաւ ըլլալ իր հարեւաններուն հետ։ Յարաբերութիւններու կարգաւորման համար անհրաժեշտ է, որ հայկական կողմը հրաժարի ցեղասպանութեան վերաբերեալ պահանջներէն, նաեւ պէտք է դուրս գայ գրաւեալ տարածքներէն։ «Անհրաժեշտ է, որ Հայաստան ցոյց տայ, թէ այս տարածքաշրջանէն ներս խաղաղ կ՚ապրի», նշեց Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ Թուրքիա պատրաստ է բարելաւել յարաբերութիւնները իր հարեւանին հետ, եթէ Հայաստանն ալ կատարէ Թուրքիոյ կողմէ յառաջ քշուած բոլոր նախապայմանները։