ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Երէկ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիսաւոր աղօթք մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային միացեալ յանձնախումբը վերջին օրերուն իր հերթական՝ 15-րդ նստաշրջանի աշխատանքները իրականացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Երէկուան միջեկեղեցական աղօթքն ալ ձօնուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած այս նիստին։ Միջեկեղեցական աղօթքին մասնակցեցան զանազան երկիրներէ ժամանած Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ, Սուրիոյ Մալանկարա ուղղափառ եկեղեցւոյ, Եդովպիայի ուղղափառ եկեղեցւոյ, Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները։ Աղօթքին ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ, Հայաստանի մօտ հաւատարմագ-րըւած օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ։

Միջեկեղեցական աղօթքի ընթացքին սաղմոսերգութենէն եւ սուրբգրային ընթերցումներէն յետոյ արարողութեան մասնակիցներուն պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ողջունելով եղբայրական աղօթքի համար Մայր Աթոռի մէջ մէկտեղուած Կաթոլիկ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ Երկխօսութեան միջազգային համատեղ յանձնախումբի անդամները՝ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս նշեց. «Մենք բարձր կը գնահատենք աշխատանքը Միջազգային աստուածաբանական համատեղ յանձնախումբին, որ իր գործունէութեան սկսած է 2003 թուականին եւ այժմ իր հերթական՝ 15-րդ հանդիպումը գումարած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Անցնող 15 տարիներուն դուք քննարկեցիք մեր երկու եկեղեցական ընտանիքներու եկեղեցաբանական-խորհրդական կեան-քի ընդհանրութիւններն ու տարբերութիւնները՝ մշտապէս շեշտելով աստուածաբանական երկխօսութեան միջոցաւ անցեալի բաժանումները դարմանելու անհրաժեշտութիւնը։ Հակառակ պատմական զանազան փորձառութիւններու, մեր երկու եկեղեցական ընտանիքներու միջեւ առկայ դաւանական, մշակութային եւ  աշխարհընկալման տարբերութիւններու՝ մենք բոլորս մէկ Աստուծոյ զաւակ ենք, եղբայրներ եւ քոյրեր՝ միաւորուած Աստուծոյ սիրով։ Եւ այս իսկ բազմազանութեան մէջ, սիրոյ միութիւնն է մեր՝ Աստուծոյ զաւակ ըլլալու վաւերական վկայութիւնը։ Քրիստոսով սիրոյ եւ եղբայրութեան մէջ տեղ չունին անհանդուրժողութիւնն ու անհամերաշխութիւնը, որոնք այսօր ալ կը շարունակեն փորձութեան մէջ պահել մարդկային հասարակութիւնը՝ միջկրօնական հակառակութեամբ, պատերազմներով ու ահաբեկչութիւններով, նաեւ անտարբերութեան ամենատարբեր դրսեւորումներով, աղքատութեան եւ ընկերային անարդարութեան աճով։

«Այստեղ ներկայ մեր եղբայրներէն շատերը կ՚ապրին այնպիսի պայմաններուն մէջ, երբ ամէն օր ականատես կը դառնան բռնութեան զանազան դրսեւորումներու, որոնք սկիզբ կ՚առնեն անարդարութենէն եւ հասարակական անհանդուրժողականութենէն, անկայունութենէն եւ հակամարտութիւններէն, որոնք ալ իրենց հերթին կը ստեղծեն ատելութիւն ծնող հոգեւոր ամայութիւն։ Մենք բոլորս, իբրեւ Քրիստոսի խորհրդական մարմնի անդամներ, կոչուած ենք անձանձիր կերպով միաբանութիւն եւ սէր սերմանելու՝ տարածելով աստուածային խաղաղութիւնը։ Ցեղասպանութիւն վերապրած մեր ժողովուրդի պատմութեան իւրաքանչիւր էջը գրուած է նահատակութեան ու հաւատի վկայութեան յաղթանակներու արեամբ։ Հետեւաբար, լաւ գիտենք արժէքը սիրոյ, եղբայրութեան, ժողովուրդներու բարեկամութեան, խաղաղ ու ապահով կեանքի։ Եւ սրտակից ենք մեր եղբայրներու ու քոյրերու տառապանքներուն, քանզի Ս. Պօղոս առաքեալի խօսքով՝ «Թիւով շատ, մի մարմին ենք Քրիստոսով, բայց իւրաքանչիւրս միմեանց անդամ ենք» (Հռոմ. ԺԲ 5)։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք գոհութիւն եւ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ ներկայ դարաշրջանին քրիստոնեաները կը գիտակցին եւ խոր ըմբռնումով կ՚ընկալեն քրիստոնէական եղբայրութեան եւ փոխադարձ սիրոյ աստուածատուր պատուիրանը»։

Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ բաղձալի փոխըմբռնման հիմքը աստուածախնամ սէրն է։ Ան հայցեց, որ Տէրը զօրակցի իր սուրբ եկեղեցիին եւ պարգեւէ բոլորին ճանչնալու սիրոյ եւ միութեան ճշմարիտ ուղին։ Իր խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը սիրոյ ողջոյններն ու բարեմաղթանքները յղեց Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն եւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Պապին՝ աղօթելով, որ Աստուած անոնց շնորհէ քաջառողութիւն եւ կենաց արեւշատ օրեր։

Այունհետեւ շարականներու երգեողութենէն վերջ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած վերոյիշեալ յանձնախումբի երկու համանախագահները՝ Վատնիկանի Քրիստոնէական միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քուրթ Քոխը եւ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն Անպա Պիշոյ Մետրապոլիտը։

Միջեկեղեցական արարողութիւնը եզրափակուցաւ Վեհափառ Հայրապետի «Պահպանիչ» աղօթքով։

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018