Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԶՈՀ ՄԸ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ կը շարունակուի լարուածութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթավերջին բախումներուն հետեւանքով մահացաւ հայ զինուոր մը՝ Յովսէփ Անդրէասեան (1995)։ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեան յենակէտերէն մէկուն վրայ Յովսէփ Անդրէասեան զոհ գնաց՝ Ատրպէյճանի ուժերուն կողմէ արձակուած գնդակին։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ քննութեան ձեռնարկուած է դէպքի մանրամասնութիւնները յստակեցնելու համար։
Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015