ՓԵՐՄԵԱՔՈՎԻ ԴԱՏԸ
Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքը սպանդի ենթարկած ռուս զինուորը՝ Վալերի Փերմեաքով պիտի դատուի Հայաստանի տարածքէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Պետական տումայի ԱՊՀ-ի, Եւրոասիական համարկման եւ Հայրենակիցներու հետ կապերու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Լէոնիտ Սլուցքին Կիւմրիի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ շեշտեց, որ ռուսական քննչական մարմինները շատ մեծ գործ կատարած են, գործակցելով հայկական քննչական մարմիններուն հետ։
«Ես իրաւունք չունիմ բարձրաձայնելու քննութեան մանրամասնութիւնները, սակայն հայկական կողմի խնդրանքով զինուորական դատավարութիւնը պիտի ըլլայ Հայաստանի տարածքէն ներս՝ Կիւմրիի մէջ, իսկ դատավճիռն ալ պիտի ըլլայ համազօր», ըսաւ ռուս պատգամաւորը։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սլուցքին յայտնեց, թէ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին պիտի աւարտի գործին նախաքննութիւնը եւ Փերմեաքովի դատավարութիւնը պիտի ընթանայ Կիւմրիի ռուսական ռազմակայանէն ներս։