Տ. ՄԱՐԿՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ՝ ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան տնօ­րի­նու­թեամբ Տ. Մար­կոս Եպսկ. Յով­հան­նի­սեան նշա­նա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ուք­րայ­նոյ Թե­մի ա­ռաջ­նորդ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մի­ջոց մը ա­ռաջ յան­կար­ծա­մահ ե­ղած էր Ուք­րայ­նոյ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ հո­գե­լոյս Տ. Գրի­գո­րիս Արք. Բու­նիա­թեան։ Իր վախ­ճան­ման զու­գա­հեռ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կա­տա­րած է նոր տնօ­րի­նու­թիւն մը։ Այս­պէս, Ուք­րայ­նոյ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի պաշ­տօ­նը ներ­կա­յիս կը ստանձ­նէ Տ. Մար­կոս Եպսկ. Յով­հան­նի­սեան, որ մինչ այդ Գե­ղար­քու­նեաց Թե­մի ա­ռաջ­նորդն էր։ Ան նե­րա­կա­յիս Գե­ղար­քու­նեաց Թե­մը կը թո­ղու՝ ու­ղե­ւո­րուե­լու հա­մար դէ­պի Ուք­րայ­նա։

Նո­րան­շակ ա­ռաջ­նորդ Տ. Մար­կոս Եպսկ. Յով­հան­նի­սեան 1973 թուա­կա­նին ծնած է Բարձ­րա­շէն գիւ­ղին մէջ։ 1990-1996 թուա­կան­նե­րուն ու­սա­նած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին մէջ։ Նոյն տա­րին ձեռ­նադրուած է սար­կա­ւագ։ 2000 թուա­կա­նին կու­սակ­րօն քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած է, հո­գե­լոյս Շա­հէ Արք. Ա­ճէ­մեա­նի կող­մէ։ Մի­ջոց մը ծա­ռա­յած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի «Ա­լէք եւ Մա­րի Մա­նու­կեան» գան­ձա­տան մէջ։ Վա­րած է նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի պա­րէ­տի պաշ­տօ­նը։

Հո­գե­ւոր սպա­սա­ւո­րու­թիւն ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է Ռու­սաս­տա­նի եւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի հա­յոց թե­մէն ներս, որ­պէս ա­ռաջ­նոր­դի օգ­նա­կան։ Ե­ղած է Ռի­կա­յի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը։ Մա­գիստ­րո­սա­կան ու­սում ստա­ցած է Մոս­կուա­յի Աս­տուա­ծա­բա­նա­կան կա­ճա­ռէն ներս։ 2005 թուա­կա­նէն ի վեր Գե­ղար­քու­նեաց Թե­մը կը գլխա­ւո­րէ։ 2006 թուա­կա­նին Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ օ­ծուած է ե­պիս­կո­պոս։ 2008 թուա­կա­նէն ի վեր Հա­մաշ­խար­հա­յին եւ ա­ւան­դա­կան կրօն­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րու հա­մա­գու­մա­րի կազ­մա­կեր­պիչ կո­մի­տէի մշտա­կան ան­դամ է։ 2009 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ նշա­նա­կուած է՝ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Նոյն տա­րիէն ի վեր նա­խա­գահն է Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի «Հա­յաս­տա­նեան կլոր սե­ղան» մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­թեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015