ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ԿԱԹՍԱՅՈՎ ՅՈՒՇԱԴՐԱՄ

Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տու­նը թո­ղար­կեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ի պահ դրուած Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի կաթ­սա­յին նուի­րուած յու­շադ­րամ մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, յու­շադ­րա­մի ե­րե­սակ­նե­րէն մէ­կուն վրայ պատ­կե­րուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նան­շա­նը, ո­րու ներ­քեւ ար­ձա­նագրուած է յու­շադ­րա­մի անուա­նա­կան ար­ժէ­քը՝ 1000 դրամ։ Յու­շադ­րա­մի միւս ե­րե­սա­կին պատ­կե­րուած է Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի կաթ­սան, ո­րու վե­րե­ւի եզ­րագ­ծին գրուած է՝ «Սուրբ Էջ­միա­ծին» եւ կ՚ե­րե­ւի նաեւ «Է» տա­ռը։ Ներ­քե­ւի եզ­րագ­ծին մա­կագ­րուած են «Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի կաթ­սայ»։

Այս յու­շադ­րա­մը հա­տուած է Գեր­մա­նիոյ «Մա­յէր» փո­ղե­րա­նո­ցին մէջ, 2500 հատ։ Ար­ծա­թէ յու­շադ­րա­մը ու­նի 27x47 միլիմեթր չա­փեր։ Ծան­րու­թիւ­նը 25 կրամ է։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015