ՋԵՐՄ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒՄ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի հրաւէրին ընդառաջ, այս առաւօտ քաղաքս ժամանեց Հայաստանի «Թաթուլ Ալթունեան» երգի-պարի պետական համոյթը, որ ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 80-ամեայ յոբելեանը։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի գլխաւորութեամբ՝ «Մարալ»ի ներկայացուցիչները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեցին «Թաթուլ Ալթունեան» համոյթի անդամները։ Իրենց տրամադրուած փոխադրամիջոցներով, անոնք Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանէն առաջնորդուեցան քաղաքի կեդրոնը՝ իրենց իջեւանած պանդոկը։ Հարկ է նշել, որ «Մարալ»ի ընտանիքը այսօր բարիգալստեան ընթրիք մը կը կազմակերպէ ի պատիւ հիւր արուեստագէտներուն։ «Թաթուլ Ալթունեան» եւ «Մարալ» համոյթներուն համատեղ ելոյթը նախատեսուած է այս Կիրակի՝ հովանաւորութեամբ յայտնի համայնքային բարերար Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին։  

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018