ՑՈՐԵՆԻ ՊԷՍ ԿԵՆԴԱՆԱՆԱԼ

«Այսինքն, հողը ինքնաբերաբար կ՚աճեցնէ սերմը. նախ ցօղունը, ապա հասկը, ապա հասկին մէջ լեցուն ցորենը». (ՄԱՐԿ. Դ 28)։

Մարդուն բոլոր իմաստութիւնը եւ հանճարը չե՛ն կրնար կեանք արտադրել, կեանքի կոչել բնութեան մէկ ամենափոքր առարկային մէջ։ Աստուծոյ հաղորդած կեանքովն է միա՛յն, որ թէ՛ բոյս, թէ՛ անասուն կրնան կեանքի կոչուիլ, այսինքն՝ ապրիլ։ Նմանապէս Աստուծոյ կեանքովն է, որ եւ միայն անոր շնորհիւ է, որ «հոգեւոր կեանք» կը ստեղրուի մարդոց սրտին մէջ։ Արդարեւ, մինչեւ որ մարդ «վերստին չծնի» (ՅՈՎՀ. Գ 3), չի՛ կրնար մասնակցիլ այն կեանքին զոր Քրիստոս տալո՛ւ եկաւ համայն մարդկութեան։

Ուստի «սրտի փոփոխութիւն»ը՝ որով «Աստուծոյ որդիներ» կը դառնայ մարդ՝ Սուրբ Գրքին մէջ «ծնանել»ու նմանցուած է։ Եւ դարձեալ՝ բաղդատուած է «հողագործին ցանած բարի սերմ»ին ծլելուն եւ աճելուն։ Նո՛յնն է պարագան անոնց՝ որ նոր դարձի են եկած Քրիստոսի՝ «նորածին մանուկ»ներու նման պէ՛տք է աճին՝ այրերու եւ կիներու հասակին բարձրութեան՝ Յիսուս Քրիստոսով. (Ա ՊԵՏ. Բ 2) եւ (ԵՓԵՍ. Դ 15)։ Կամ՝ սրտին մէջ ցանուած բարի սերմին նման՝ պէտք է աճին անոնք եւ պտուղ արտադրեն, արդիւնաբերեն։

Եսայի մարգարէ կ՚ըսէ, թէ՝ «Եւ զանոնք պիտի անուանեն Արդարութեան բեւեկնիներ (=ռետինաբեր ծառի տեսակ՝ բեւեկն արտադրող ծառ՝ խէժ կամ կռէզ), որոնք Տէրը տնկեր է իր փառքին համար» (ԵՍ. ԿԱ 3)։ Այսպէս՝ բնութենէն լուսաբանութիւններ են քաղուած, մարդուս օգնելու համար աւելի՛ լաւ ըմբռնելու հոգեւոր կեանքին խորհրդաւոր ճշմարտութիւնները։

Ինչպէս է կեանքի մասին, ա՛յնպէս է եւ աճման նկատմամբ։ Արդարեւ Աստուա՛ծ է որ կոկոնը կը ծաղկեցնէ եւ ծաղիկը պտուղի կը վերածէ։ Իր զօրութեամբ է, որ սերմը կ՚ուռճանայ։ Եւ Ովսէէ մարգարէն Իսրայէլի մասին է որ կ՚ըսէ. «Անիկա շուշանի պէս պիտի ծաղկի» (ՈՎՍ. ԺԴ 4)։ Եւ Յիսուս ալ կ՚ըսէ.

«Դիտեցէք եւ տեսէք թէ ի՛նչպէս կ՚աճի դաշտի շուշանը», (ՂՈՒԿ. ԺԲ 27)։ Տունկերը եւ ծաղիկները կ՚աճին՝ ո՛չ թէ իրենց մտահոգութեամբը կամ ջանքովը, այլ ստանալով ի՛նչ որ Աստուած մատակարած է անոնց կեանքին համար։ Մա՛րդ չի կրնար իր մտահոգութեամբը եւ զօրութեամբը իր հասակը բարձրացնել։ Եւ ո՛չ մէկը կարող է իր մտատանջութեամբը կամ ջանքովը՝ հոգեւոր աճում ձեռք բերել։ Տունկը եւ տղան կ՚աճին՝ զիրենք շրջապատող բաներէն ստանալով ի՛նչ որ պէտք է իրենց զօրութեանը համար. օդ, արեւ եւ սնունդ։

Բնութեան այդ պարգեւները ի՛նչ որ են անասունին կամ բոյսին համար, ա՛յն է նաեւ Քրիստո՛ս Իրեն յուսացողներուն՝ վստահողներուն համար։ Արդարեւ Յիսուս իրենց «յաւիտենական լո՛յս»ն է. «արեւը եւ վահա՛ն է». (ԵՍ. Կ 19), (ՍԱՂՄ. ՁԴ 11)։ «Իսրայէլին ցօղի պէս» պիտի ըլլայ։ «Հնձուած խոտի վրայ իջած անձրեւի պէս պիտի իջնէ», (ՈՎՍ. ԺԴ 5) եւ (ՍԱՂՄ. ՀԲ 6)։ Ուստի Ան «կենդանի ջուր»ն է. «Աստուծմէ տըր-ւած հացը՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ, եւ աշխարհի կեանք կու տայ», (ՅՈՎՀ. Զ 33)։

Իր Որդիին աննման՝ եզական պարգեւովը՝ Աստուած աշխարհը շրջապատած է շնորհներու մթնոլորտով մը ա՛յնքան իրական՝ ո՛րքան մեր երկրագունդը շրջապատող օդը։ Ամէն անոնք որ կ՚ուզեն այդ կենսատու մթնոլորտը շնչել, պիտի ապրին եւ աճին՝ մինչեւ հասնին Յիսուս Քրիստոսով այրերու եւ կիներու հասակին։

Ինչպէս ծաղիկը արեւուն կը դառնայ, որպէսզի անոր ճառագայթները գեղեցկութիւն եւ համաչափութիւն տան իրեն, նո՛յնպէս մե՛նք պարտինք Արդարութեան, Իմաստութեան, Ճշմարտութեան եւ Սիրոյ Արեգակին դառնալ՝ որպէսզի «երկնային լոյս»ը կարենայ փայլիլ մեր վրայ, եւ մեր ամէն մէկուս նկարագիրը զարգանայ Քրիստոսի նմանութեամբը։ Յիսուս միեւնոյն բանը կը սորվեցնէ, երբ կ՚ըսէ. «Իմ մէ՛ջս կեցէք, եւ Ես ձեր մէջը։ Ինչպէս որ ճիւղը չի կրնար ինքնիրեն պտուղ տալ՝ եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նո՛յնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ Իմ վրաս հաստատուած չըլլաք…։ Առանց Ինծի բան մը չէք կրնար ընել». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 4-5)։

Սուրբ կեանք մը ապրելու համար ա՛յնքան կախեալ ենք Քրիստոսէն՝ ո՛րքան ճիւղը կախեալ է մայր-որթէն՝ աճելու եւ պտուղ տալու համար։

Առանց Անոր կեանք չունի՛նք մենք։ Փորձութեան դիմադրելու կամ շնորհներու եւ սրբութեան մէջ աճելու համար զօրութիւն չունինք։ Բայց Անոր մէջ բնակելով՝ կրնանք յաջողիլ։ Կեանքը Անկէ առնելով՝ ո՛չ պիտի ցամքինք եւ ոչ ալ անպտուղ դառնանք։ Արդարեւ ջուրի ճամբաներու վրայ տնկուած պտղաբեր ծառի մը պէս պիտի ըլլանք։

Շա՜տեր կը կարծեն եւ կը փորձեն իրենց վերածնունդի եւ փրկութեան գործը, գոնէ մասամբ առանձին կատարել։ Անոնք Յիսուս Քրիստոսի են յուսացեր՝ մեղքերուն թողութեանը համար, բայց հիմա կը ջանան ուղղութեամբ ապրիլ՝ իրենց անձնական զօրութիւնովը։ Բայց այդպիսի ամէն ջանք ամո՛ւլ պիտի մնայ։ Յիսուս կ՚ըսէ. Առանց Ինծի բան մը չէք կրնար ընել»։

Շնորհներու մէջ մեր աճումը, մեր ուրախութիւնը, մեր օգտակարութիւնը, մեր բարեգործութիւնը՝ բոլորը կախում ունին Քրիստոսի հետ մեր միութենէն։ Ամէն օր եւ ամէն ժամ Անոր հե՛տ հաղորդ ըլլալով՝ Անոր մէ՛ջ կենալով է որ կարող պիտի ըլլան աճիլ շնորհնե՜րու մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 16, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018