ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ներկայացուցիչները երէկ Վիեննայի մէջ քննարկումներ կատարեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք այս առթիւ տեղեկացուց, թէ դրական քննարկումներ տեղի ունեցած են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շրջագծով ապրուած դէպքերուն եւ հետագայ քայլերուն կապակցութեամբ։
Այս կապակցութեամբ Երեւանի մէջ քաղաքական մեկնաբան Ալեքսանտր Իսքանտարեան յայտնեց, թէ համանախագահներու Վիեննայի քննարկումներուն ժամանակ առաջնահերթութիւն ընծայուած է հրադադարի դրութեան պահպանման հարցին նկատմամբ։ «Կովկաս» կաճառի տնօրէն Ալեքսանտր Իսքանտարեանի համոզմամբ, Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները պիտի փորձեն տարբերակներ գտնել, որպէսզի հրադադարի դրութիւնը չխախտուի Ապրիլի 24-ի շրջանին եւ Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոպական խաղերուն ժամանակ։ Ըստ իրեն, այս առընչութեամբ կողմերը իրականացուցած են քանի մը քննարկումներ, սակայն ինչպէս յայտնի կը դառնայ սահմանի առկայ իրավիճակէն, վերջնական համաձայնութեան մը չեն կրցած հասնիլ։ Ան չի բացառեր, որ սահմանի լարուածութիւնը պայմանաւորուած է 100-րդ տարելիցով, սակայն հաշուի պէտք է առնել, որ նախորդ տարի նոյնպէս լարուած էր սահմանի իրավիճակը։ «Իսկ ինչ կը վերաբերի անոր, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները պարբերաբար կը հանդիպին, կը քննարկեն, ապա սա զարմանալի չէ, որովհետեւ սա անոնց աշխատանքն է, անոնք են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման միջնորդները», ըսաւ Ալեքսանտր Իսքանտարեան։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ այցելեց շարք մը զօրամասեր։ Ան տեղւոյն վրայ քննարկումներ կատարեց հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներուն մօտ։ Օհանեանի այցին զուգահեռ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ Ատրպէյճանի լծակներու վերջին օրերու ապատեղեկատուութիւններուն վրայ եւ խորհուրդ տրուեցաւ տեղի չտալ դիտումնաւոր տարածուած այդ յերիւրաքներուն։ Նախարարութիւնը հերթական անգամ ընդգծեց, որ Արցախի ճակատի վրայ լարուածութեան աճը Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան արկածախնդիր, ռազմական տեսանկիւնէ չհիմնաւորուած ու վրէժխնդրութեամբ տրամաբանուած նենգ քաղաքականութեան արդիւնքն է, որ տեղի կու տայ իրենց իսկ ուժերու շրջանակներէն ներս մարդկային զգալի կորուստներու։ «Հայկական կողմը խստօրէն կը հետեւի հրադադարի դրութեան պահպանման եւ իրավիճակին համարժէք գործողութիւններու կը դիմէ միայն հակառակորդի կողմէ արձանագրուող նպատակային խախտումներու պարագային», նշուած է յայտարարութեան մէջ։