ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՇԷՆՔԻՆ ՎՐԱՅ ԶԻՆԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Իս­թան­պու­լի մէջ ե­րէկ դար­ձեալ ապրուե­ցաւ բռնու­թեան դէպք մը։ Մինչ բո­վան­դակ եր­կի­րը նա­խըն­թաց օր Իս­թան­պու­լի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լա­տին մէջ ապ­րուած դէպ­քե­րուն բե­րու­մով բռունց­քի մը վե­րա­ծուե­ցաւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ, ե­րէկ ալ յար­ձա­կում մը գոր­ծուե­ցաւ Իս­թան­պու­լի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան վրայ։ Ի­րե­րա­յա­ջորդ այս եր­կու դէպ­քե­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ ա­նի­ծուի։

Ե­րէկ, ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Իս­թան­պու­լի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան Վա­թան պո­ղո­տա­յի վրայ գտնուող գլխա­ւոր մաս­նա­շէն­քի մուտ­քի դրան մօտ ա­հա­բե­կիչ մը կրակ բա­ցաւ պա­հա­կա­կէ­տին վրայ։ Ապ­րուած բա­խու­մի ար­դիւն­քին սպան­նուե­ցաւ յար­ձա­կու­մը կա­տա­րած ան­ձը։ Ա­ւե­լի վերջ, ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ստու­գեց ա­հա­բե­կի­չին ինք­նու­թիւ­նը։ Հա­ղոր­դուե­ցաւ, որ Է­լիֆ Սուլ­թան Քալ­սէն նա­խա­պէս ալ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած էր նման դէպ­քե­րու։ Բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով եր­կու ոս­տի­կան վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Դէպ­քին բե­րու­մով պո­ղո­տա­յին վրայ ալ ապ­րուե­ցաւ խու­ճապ։

Քալ­սէ­նի վրա­յէն գտնուե­ցան ինք­նա­գործ զէն­քեր եւ ձեռ­նա­ռում­բեր, ո­րոնք մաս­նա­գէտ­նե­րուն կող­մէ վնա­սա­զեր­ծուե­ցան։

Միւս կող­մէ, ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Չաղ­լա­յա­նի մէջ նա­խը­նաց օր ապ­րուած ա­հա­բեկ­չու­թեան ըն­թաց­քին նա­հա­տա­կուած դա­տա­խազ Մեհ­մէտ Սե­լիմ Քի­րա­զի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ Ապ­տուլ­լահ Կիւլ, Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ճե­միլ Չի­չէք, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու եւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն բա­զում դէմ­քեր մաս­նակ­ցե­ցան յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան եւ ի­րենց բա­րո­յա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին նա­հա­տակ դա­տա­խա­զի ըն­տա­նի­քին։

Մինչ այդ, Իս­թան­պու­լի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լա­տը յե­տայ­սու պի­տի ա­նուա­նուի Մեհ­մէտ Սե­լիմ Քի­րա­զի ա­նու­նով։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ տեղեկացուց այս մասին եւ աւելցուց, թէ չարիքի դաշինք մը կը գտնուի երկրին դէմ։ «Մենք այս երկիրը չենք զոհեր այս խաղին», ըսաւ Ահմէտ Տավուտօղլու եւ քննադատեց ընդդիմութեան ղեկավարներուն նահատակ դատախազի յուղարկաւորութեան արարողութենէն բացակայելու պարագան։

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2015