ՊՈՒՔՐԷՇԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ աւարտեց իր եռօրեայ ուղեւորութիւնը՝ դէպի Եւրոմիութեան անդամ երեք երկիրներ։ Իր շրջագայութեան վերջին հանգրուանն էր Պուքրէշը, ուր ան հիւրընկալուեցաւ Ռումանիոյ Նախագահ Քլաուս Վերնէր Իոաննիսի կողմէ։ Բարձր արարողակարգով տեղի ունեցած դիմաւորման արարողութենէն վերջ երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, ապա գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Նախագահներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան շրջագծով Ռումանիոյ կողմէ Թուրքիոյ ցուցաբերուած աջակցութեան։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկային Ռումանիա պիտի դառնայ ԵՄ-ի շրջանային նախագահը՝ Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ այդ հանգրուանին եւս ռումանական կողմը պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը։ Ըստ իրեն, ՆԱԹՕ-է ներս ալ երկու երկիրներու զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի նոյնութեամբ։
Օրուան տեւողութեան Էրտողան մէկտեղուեցաւ նաեւ Ռումանիոյ Վարչապետ Վիքթոր Փոնթայի հետ։ Այս հանգրուանին երկու կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր։ Էրտողան եւ Փոնթա մասնակցութիւն բերին նաեւ Թուրքիա-Ռումանիա գործարար ֆորումին։ Հանրապետութեան նախագահը այս առթիւ շեշտեց, թէ վերջին տասներկու տարիներուն ընթացքին Թուրքիա ոստում մը կատարած է կայունութեան եւ վստահութեան մթնոլորտին մէջ իրականացուցած ժողովրդավարական եւ տնտեսական բարեփոխումներով։ Ըստ իրեն, Սեւ ծովու, Կովկասի, Միջին Արեւելքի, Միջերկրականի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ Թուրքիա կ՚ուզէ տեսնել միակ բան մը՝ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն։ Էրտողան շեշտեց, որ 2002 թուականէն ի վեր Թուրքիա ունի յաջողութեան պատմութիւն մը, զոր կը ներշնչէ աշխարհի բազմաթիւ երկիրները։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան յիշեցուց, թէ 52 տարիէ ի վեր Թուրքիա կը սպասէ Եւրոմիութեան դրան մօտ։ Այսօր ոեւէ մէկը չի կրնար յստակօրէն բացատրել, թէ Թուրքիա ի՛նչ պակաս ունի։ Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա բեռ պիտի չդառնայ ԵՄ-ին, այլ ընդհակառակն՝ պիտի թեթեւցնէ անոր բեռը։
Պուքրէշի մէջ Էրտողան մատնանշեց նաեւ, որ Թուրքիա ներկայիս «G-20» շրջանային նախագահի պաշտօնը կը վարէ։ Այս հանգրուանին համաշխարհային տնտեսութեան վերաբերեալ բազմաթիւ նիւթեր կը գտնուին Թուրքիոյ օրակարգին վրայ։ «Աշխարհ տնտեսական մեծ ճգնաժամէ մը կ՚անցնի ու մենք այս շրջանին կը գիտակցինք մեր պատասխանատուութեան», ըսաւ Էրտողան։
Նկատի ունենալով վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ ապրուածները՝ Էրտողան Պուքրէշի մէջ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պիտի տեւականացնեն շատ վճռական ձեւով։ Իր ռումէն պաշտօնակցին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան ընդգծեց, թէ ժողովրդավարութեան հետամուտները պէտք է միասնաբար դիմադրեն ահաբեկչութիւնը։