ՀԱՐՍՏԱՀԱՐՄԱՆ ՀԱՐՑԸ
Սեփական լրատուութիւն.-
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, անցեալ շաբաթ Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց ցեղասպանութիւնը. Հետազօտութեան 100 տարին» խորագրեալ գիտաժողովին արձագանգները կը շարունակուին։
Պատմաբան Ռայմոն Գէորգեան գիտաժողովի ընթացքին մատնանշեց, թէ ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները աստիճանաբար կը պարփակեն նաեւ ոչ-հայ հետազօտողներու աշխատանքները։ Բաղդատական այս միջոցը, իր համոզմամբ, լուրջ նպաստներ պիտի ապահովէ այս բնագաւառին։ Ան կարեւորեց նաեւ Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական հասարակութեան շարժումները։ Գէորգեանի համոզմամբ, ցեղասպանութեան վերաբերեալ աշխատանքները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նաեւ Ա. եւ Բ. աշխարհամարտերու միջեւ յարաբերութեան ուսումնասիրութեան տեսանկիւնէն։
«Քոչ» համալսարանէն պատմաբան Մեհմէտ Փոլատէլ դիտել տուաւ, որ հայոց հարստահարման գործընթացը չէ սկսած 1915-ին եւ աւելի վաղ շրջաններուն ալ շրջանային մակարդակով, մասնաւորապէս Արեւելեան Անատոլուի մէջ իրականացուած է քրդական ցեղախումբերու կողմէ։ Բայց եւ այնպէս, աւելի վերջ թալանի գործընթացը տարածուած է կայսրութեան ընդհանուրին մէջ։ Իր բնորոշմամբ, հարստահարման գործընթացը ցեղասպանութեան քաղաքականութեան տարրերէն մին եղած է։
Ֆրանսայի Ազգային գրադարանէն պատմաբան Միքայէլ Նշանեանն ալ ընդգծեց, թէ Ա. աշխարհամարտի աւարտին, զինադադարէն անմիջապէս վերջ օրակարգի վրայ եկած էին պատերազմի ընթացքին գործուած յանցանքներու խնդիրները։ Նկատի ունենալով, որ Իթթիհատական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը խոյս տուած էր Գերմանիա՝ Միքայէլ Նշանեան ըրաւ այն հետեւութիւնը, թէ անոնք կը գիտակցէին, որ իրենց պատասխանատուութիւնն ալ օրակարգի վրայ պիտի գայ։ 1918-ի Նոյեմբերին իթթիհատական վարիչները ռազմանաւով մը խոյս տուած էին Գերմանիա ու այնտեղ թաքնուած՝ կեղծ անձնագրերով։ Հետեւաբար, Նշանեանի համոզմամբ, այս հանգամանքը Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը հերթական անգամ հարցաքննութեան կը բանայ։
Պատմաբան Անէթ Պեքէրն ալ բացատրեց, թէ «ցեղասպանութիւն» բառին հեղինակը՝ Ռաֆայէլ Լեմքին ինչպէս այդ գիւտը ընելու ժամանակ հաշուի առած էր 1915-ին հայոց ենթարկուածներն ու իր ընտանիքին ապրածները։ Ծանօթ է, որ Լեմքին հրեայ արմատներով իրաւաբան մըն էր, որ կ՚ապրէր Լեհաստանի մէջ եւ աւելի վերջ հաստատուած էր Միացեալ Նահանգներ։ Ըստ Անէթ Պեքէրի, Լեմքինի կողմէ երկու աշխարհամարտներու միջեւ յարաբերակցութեան վերաբերեալ կատարուած հետեւութիւնները միայն վերջին շրջանին է, որ պատմագրութեան մէջ կու գայ օրակարգի վրայ։