ԱՅՍՕՐ՝ ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Այս շաբթուան իւրաքանչիւր օրը կը կրէ «Աւագ» անուանումը եւ ունի իր խորհուրդը: Աւագ շաբաթը կը սկսի Ծաղկազարդի Կիրակիով` Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքով:
Աւագ Հինգշաբթի` «Վերջին ընթրիք»ի օրն է: Ըստ Աւետարանի` այդ օրը հաստատուած է Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը: Միջօրէին կը մատուցուի Ս. Պատարագ: Ոտնլուայի արարողութիւնը կը կատարուի օրուան երկրորդ կէսին մինչեւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ կը խորհրդանշէ այն խոնարհութիւնը, որ ցուցաբերեց Քրիստոս Իր աշակերտներուն հանդէպ: Աւագ Հինգշաբթի, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը կատարուի հսկման (Խաւարում) կարգը: Այդ ժամանակ խորանի վրայ կը վառի տասներկու մոմ, իսկ մէկ մեծ մոմ կը դրուի կեդրոնը: Իւրաքանչիւր անգամ, երբ կ՝ընթերցուի Աւետարանը, մէկ-մէկ կը մարեն մոմերը, աւարտին կը մնայ միայն կեդրոնի մոմը: Անիկա կը խորհրդանշէ Քրիստոսը, որ մինակ մնացար էր: Աւագ Հինգշաբթի երեկոյեան կը կատարուի «Խաւարման» արարողութիւնը: Խաչելութենէն առաջ Տիրոջ գլխուն փշէ պսակ դրին, ծաղրեցին, անարգեցին, ապա խաչեցին, ծարաւը յագեցնելու համար ջուրի փոխարէն լեղի տուին եւ մեռնելէն ետք ալ տէգով խոցեցին: Քրիստոս այս չարչարանքները յանձն առաւ եւ խաչափայտին վրայ հոգին աւանդեց` մարդկութեան փրկութեան եւ մեղքերու քաւութեան համար: