ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱԾ Է ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Նոր նախագահի ընտրութիւնով եւ ղեկավարման նոր՝ խորհրդարանական համակարգի հաստատումով Հայաստանի մէջ այս շրջանին օրակարգը կը բնորոշեն ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները։ Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման զուգահեռ՝ հրաժարական ներկայացուցած է վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութիւնը։ Այժմ նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը արդէն սկիզբ առած է։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 9-16 Ապրիլը Հայաստանի նոր վարչապետի թեկնածուներու առաջադրման ժամկէտն է։ Իսկ 17 Ապրիլին խորհրդարանը բաց անուանական քուէարկութեամբ պիտի ընտրէ նոր վարչապետը։ Կառավարութիւնը պիտի կազմաւորուի վարչապետի նշանակման յաջորդելիք տասնհինգօրեայ ժամկէտին ընթացքին։ Իր նշանակումէն յետոյ վարչապետը հնգօրեայ ժամկէտի մէջ հանրապետութեան նախագահին կ՚առաջարկէ փոխ-վարչապետներու եւ նախարարներու թեկնածուները։ Հանրապետութեան նախագահը եռօրեայ ժամկէտի մէջ կա՛մ կը նշանակէ փոխ-վարչապետներն ու նախարարները եւ կամ կը դիմէ՝ Սահմանադրական ատեան։ Եթէ այդպիսի պարագայ մը յառաջանայ՝ Սահմանադրական ատեանը կը քննէ դիմումը եւ հնգօրեայ ժամկէտի ընթացքին կ՚արձակէ վճիռ մը։ Եթէ հանրապետութեան նախագահը եռօրեայ ժամկէտի մէջ չկատարէ սոյն կարգով սահմանուած պահանջները, ապա համապատասխան փոխ-վարչապետը կամ նախարարը նշանակուած կը համարուի իրաւունքի ուժով։

Նախարարաց խորհուրդի կազմուելէն վերջ՝ քսանօրեայ ժամկէտով վարչապետը խորհրդարանին կը ներկայացնէ կառավարութեան ծրագիրը։

Այժմ կ՚ակնկալուի Հայաստանի մէջ այս գործընթացին բանիլը։ Երեւանէն հասած բոլոր լուրերը կը վկայեն, որ ամենայն հաւանականութեամբ յառաջիկային վարչապետ դառնայ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան, որու կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը ունի մեծամասնութիւն երկրի խորհրդարանէն ներս։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2018