ՍԵՒ ՄՈՄԸ ԵՒ ՃԵՐՄԱԿՆԵՐԸ… - Բ -

Ստորեւ, կը շարունակենք ներկայացնել Գարեգին Արքեպս. Խաչատուրեանի «Շողակաթ» պաշտօնաթերթի մէջ 1958 թուականին հրատարակուած «Սեւ Մոմը» յօդուածը։

… Մնացած էր միայն «Ակեղդաման», «Արեան գիւղը»… Սեւ յիշատակը Սեւ Մոմին, սերունդէ՜ սերունդ…։

Աւելի քան եօթանասուն տարիներ անցեր էին այն օրէն ի վեր։ Ալիքը փրփրածաղիկ եկեր անցեր էր իմ գագաթէն եւ իջեր հանգչեր էր մորուացս վրայ։ Եւ ահա յանկարծ մանկական այն յիշատակը կը վերազարթնի իմ յիշողութեանս մէջ։

Խաւարակուռ եւ «տղմասիկ-գուբ»ի մը խորէն «մեղքի շղթաներ»ու մէջ զնգացող ուրու մը դուրս կը ցցէ իր ցնորակոծ գլուխը եւ իր կպրեայ թեւերուն դիւային ստուերը կը պտտցնէ աստղերու բորբ բոցերու տակ պանծացողի մը վրայ՝ «Ազա՜տ ասպարէզ» -կ՚երազէ- սանձարձակութեան եւ սահմանազանցութեան…։

Մի՛ մնար, մի՛, Սեւ Մոմը իմ մանկութեան, Սեւ Մոմը քու եւ մեր Տիրոջ…։

Գ. Ե. Տ.

«ՇՈՂԱԿԱԹ-1958»

***

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ինչպէս ըսինք, «Սեւ»ը եւ «Ճերմակ»ը կեանքին հիմը կը կազմեն՝ Սեւը՝ Չարը եւ Ճերմակը՝ Բարին, իրենց ամենալայն իմաստով, եւ մարդ կ՚ապրի կեանք մը այս աշխարհի վրայ, կեանք մը պայքարի տեւական՝ սեւի եւ ճերմակի միջեւ։

Հոն ուր կայ կեանք, ամէն տեղ, ամէն ժամանակ, միշտ կա՛յ եւ պիտի ըլլայ անվերջ պայքարը «սեւ»ին եւ «ճերմակ»ին։

Արդարեւ, կեանքի մէջ մեծ կարեւորութիւն ունին հակադրութիւններ, քանի որ այդ հակադրութիւններու շնորհիւ է, որ մէկուն արժէքը կը յայտնուի միւսին նկատմամբ։ Ուրիշ խօսքով՝ արժէքներ ի յայտ կու գան մին միւսին հետ համեմատելով կամ բաղդատելով։ Ուստի, եթէ խաւարը գոյութիւն չունենար, կարելի՞ պիտի ըլլար տեսնել եւ հասկնալ լոյսին իրական արժէքը։ Եւ մինչեւ իսկ կարելի պիտի ըլլա՞ր անդրադառնալ լոյսին՝ երբ գոյութիւն չունենար խաւարը եւ տեւական լուսաւոր ըլլար ամէն կողմ։

Ուրեմն, կեանքի մէջ անհրաժե՛շտ է, որ գոյութիւն ունենան հակադիր եւ իրերամերժ արժէքներ, որպէսզի յայտնուին՝ արժէք մը ունենան։ Այս համեմատութիւնը կը խորհրդանշուի ընդհանրապէս «սեւ»ով, որ կը համապատասխանէ «խաւար»ի, «ճերմակ»ով, որ կը համապատասխանէ «լոյս»ի։

Եւ ահաւասիկ, երբ Աւագ Հինգշաբթի, գիշեր ատեն երբ բեմին վրայ կը տեսնեն տասներկու մոմեր՝ տասնմէկը՝ ճերմակ, լուսաւոր եւ մէկը՝ սեւ եւ գրեթէ մութ, մեզի կը յիշեցնէ այս ճշմարտութիւնը՝ որ կեանքին ճշմարտութի՛ւնն է, աշխարհ հաստատուած է հակադիր ուժերու վրայ, որ կը ստեղծեն «կեանքի պայքար»ը, եւ ա՛ն է որ իմաստ կու տայ մարդուն ամբողջ կեանքին։ Եւ այդ մշտնջենաւոր «պայքա՛ր»ն է, որ կեանքին կենդանութիւն կու տայ, աշխատանք եւ շարժում կը ստեղծէ, եւ պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ ամուլ եւ անշարժ չմնայ։

Արդարեւ, ամլութիւնը եւ անշարժութիւնը մա՛հ է, եւ հոն ուր շարժում չկայ, պայքար չկայ, կեանք ալ չկայ, շունչ եւ ոգի ալ չկա՛յ։ Եւ այս իսկ պատճառով «խաւար»ը՝ որ կը խորհրդանշուի «սեւ» գոյնով, անհրաժե՛շտ է կեանքի համար, որ «լոյս» է, «ճերմա՛կ» է։ Լոյսը կը փնտռէ մարդ, լոյսին պահանջքը կը զգայ երբ խաւարի մէջ է, եւ այս որոնումը, այս փնտռտուքը ահաւասի՛կ «յոյս»ն է, առանց որու մարդ չի կրնար ապրիլ։ Եւ ամէն խաւարին, ամէն մութին կը յաջորդէ լոյսը, լուսաւորութիւնը, լուսաւոր կանքը, ինչպէս ամէն գիշեր ունի «առաւօտ» մը…։

Սուրբ գրային ուսուցման մէջ ալ գոյնը ցոյց կու տայ զանազան բնութիւններ։ Այս իմաստով՝ «Սեւ» գոյնը նշանակ է թշուառութեան, դժբախտութեան եւ սուգի. (ՅՈԲ. Լ 28-30) եւ (ՅԱՅՏՆ. Զ 5-12)։ Իսկ «Ճերմակ»ը՝ գեղեցկութեան եւ սրբութեան, անբծութեան. (ԺՈՂ. Թ 8), (ՅԱՅՏ. Գ 3-4)։ Եւ դարձեալ, «Ճերմակ»ը եւ «Կապոյտ»ը թագաւորական եւ քահանայական գոյն էր հրեաներու մէջ, ինչպէս՝ ծիրանին՝ հռոմայեցիներու մէջ. (ԵՍԹ. Ը 15), (ՅՈՎՀ. ԺԹ 2)։

Վերոյիշեալ, Գարեգին Արքեպս. Խաչատուրեանի իմաստալից եւ շահեկան յօդուածին մէջ ալ, յատկապէ՛ս մեր ուշադրութեան կը ներկայացուի՝ սեւին եւ ճերմակին՝ խաւարին եւ լոյսին գոյութիւնը մարդկային կեանքին մէջ, ամէն տեղ, ամէն ժամանակ։

Պահ մը խորհեցէ՛ք, սիրելի՜ բարեկամներ, իրիկնամուտի պահուն երբ արեւը կը պատրաստուի գլտորուիլ հեռաւո՜ր լեռնագագաթներու ետին, այդ հրավառ գունտը յանկա՛րծ կը քօղարկուի ամպերով՝ որոնք լեռնագագաթներուն վրայ դարանակալ են եղած կարծես ճի՛շդ այդ դերին վրայ։ Եւ այս մութ ամպերը, որ խաւարի մունետիկներն են, կ՚ըսեն աշխարհի ի՛նչ որ աշխարհ կ՚ըսէ Յիսուս Քրիստոսի.- Մենք յաղթեցի՛նք…։ Եւ կը շարունակեն ամպերը հպարտութեամբ աղաղակել.- Ահաւասիկ, արեւին լոյսը եւ փառքը խափանեցինք, մեր սեւ փէշերուն մէջ ծրարելով անոր ոսկեղէն շողերը…։ Ահաւասիկ, խաւարին կարծեցեալ յաղթանակը լոյսին դէմ, մութին սուտ տիրապետութիւնը յաւիտենական փայլին, ճրագին վրայ…։

Հաւատա՞նք այս գոռոզ, ինքնահաւան յայտարարութեան։ Բայց ինչպէ՞ս չհաւատալ, քանի որ տիրող մթութիւնը արտաքնապէս կը հաստատէ յայտարարութիւնը։

Այդ մութ, այդ խաւարադէմ ամպերուն՝ դաւադիր ամպերուն կը նային մարդիկ։ Եւ կը սպասեն… թող սպասեն համբերութեամբ։ Եւ ահա, ի՜նչ հրաշք, աստուածային ի՜նչ կարգադրութիւն. մութ ամպերը հետզհետէ կը ժողվեն իրենց խաւարային փէշերը, եւ հալածական ուրուականներու պէս, կ՚անհետանան եւ արեւը իր փայլատու լոյսովը անգամ մը եւս կ՚ողողէ երկիրը ամբողջ։ Չէ՞ք վկայած այս հրաշքին, սիրելի՜ բարեկամներ, չէ՞ք տեսած երկինքը մութ՝ որ յանկարծ կը լուսաւորուի, կարծես «Լոյս»ը կ՚ըսէ. «Ես հո՛ս եմ»։ Եւ լոյսը՝ անգամ մը եւս յաղթական կը ժպտի լուսաւոր աչքերու՝ լուսաւորուած հոգիներու։

Աստուծոյ տնտեսութեան մէջ «լո՛յս»ն է միշտ յաղթականը եւ յաւիտեանը. լոյսը կը տարածուի եւ խաւարը կը կծկուի, լոյսը կը յառաջանայ եւ մութը կը նահանջէ, լոյսը կը մօտենայ՝ խաւարը կը հեռանայ, եւ հոն ո՛ւր լոյս կայ, խաւարը կը կորսուի, կ՚անհետանայ…։

Լո՜յսը՝ ճշմարտութեան լոյսը, եւ արդարութի՜ւնը, եւ սէ՜րը, եւ իմաստութի՜ւնը, եւ Աւետարա՜նը, եւ Աստուա՛ծ, իր նկարագրին լիակատար եւ անթերի յայտնութիւնը յանձին Յիսուս Քրիստոսի…։

Խաւարը ժամանակաւոր է, իսկ լոյսը՝ անժամանա՛կ։

Արդար ըլլա՛լ եւ հալածուիլ, հոգ չէ՛։ Հալածանքը եւ խաչը պատահական են եւ անցաւոր, արդարութիւնն է, որ կը մնայ յաւիտեան, ինչպէս լո՛յսը, որ իր մէջ միշտ ունի «յո՛յս»ը, եւ ո՛չ մէկ խաւար բացարձակ մութ է, քանի որ իր մէջ կայ մի՛շտ լոյսի շող մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 10, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 13, 2018