ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Իրանի հիւլէական ծրագրի հարցին շուրջ երէկ գոյացաւ պատմական համաձայնութիւն մը։ Լոզանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները վերջին օրերուն միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուէին։ Արդիւնքին, երէկ երեկոյեան ժամերուն դրական եզրակացութեան մը յանգուեցաւ Թեհրանի եւ P5+1 (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան, Չինաստան, Անգլիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա) երկիրներու բանակցութիւններու ձեւաչափին մէջ։ Ութ օրէ ի վեր անընդհատ կը շարունակուէին բանակցութիւնները, որոնց աւարտին համաձայնութեան շրջագծին շուրջ կողմերը հասան ընդհանուր հասկացութեան։ Ներկայիս կ՚ակնկալուի, որ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյանայ մինչեւ Յունիսի 30-ը։
Երէկ ապահովուած համաձայնութեան շուրջ պաշտօնապէս յայտարարութիւն մը ըրին Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ եւ Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի։
Իրականութեան մէջ, բանակցող կողմերը նախատեսած էին մինչեւ Մարտի 31-ը հասնիլ համաձայնութեան։ Երբ կարելի չեղաւ շրջագծային համաձայնութեան մասին շօշափելի արդիւնքի մը հասնիլ, փոխարէնը կատարուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը։ Թէեւ թնճուկի վերջնական յաղթահարումը յետաձգուեցաւ Յունիս ամսուան, սակայն միջազգային թատերաբեմին վրայ ստեղծուած լաւատեսութեան զուգահեռ՝ շրջագծային համաձայնութեան մը նշանակութիւնը կը վերագրուի այս իրադարձութեան։ Լոզանի մէջ երէկ կատարուած արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուս, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր եւ այլք։ Միջազգային աղբիւրները ուշագրաւ կը նկատեն բացակայութիւնը Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լավրովի, որու տեղակալը մասնակցեցաւ երէկուան պաշտօնական լուսանկարին։
Լոզանի մէջ կատարուած յայտարարութեան բովանդակութիւնը ունի շարք մը կարեւոր թէքնիկ երեսակներ։ Իրան համաձայն գտնուած է, որպէսզի երկու երրորդի համեմատութեամբ նուազեցնէ ուրանիումի հարստացումը։ Գործընթացը պիտի վերահսկուի Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կողմէ։ Մասնաւորապէս ապահովուած պայմանները յառաջիկայ շուրջ տասնհինգ տարուան շրջանին Իրանը պիտի զրկեն հիւլէական զէնք ձեռք բերելու հեռանկարէն։
ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամա եւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ դրական շեշտով յայտարարութիւններ ըրին այս առընչութեամբ։ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունն ալ նպաստաւոր համարեց Լոզանի մէջ առնուած քայլը։ Միակ հակազդեցութիւնը եկաւ Իսրայէլէն, որուն Ռազմավարական յարաբերութիւններու նախարարը՝ Եուվալ Շթայնից յայտնեց, որ Իրան որեւէ զիջում չէ կատարած Լոզանի մէջ եւ կը շարունակէ սպառնալ Իսրայէլին եւ Մերձաւոր Արեւելքի միւս երկիրներուն։ Ըստ իրեն, աշխարհ աւելի վատ տեղի մը պիտի վերածուի։ Նախարարը ըսաւ, թէ Իսրայէլ պիտի շարունակէ ջանք գործադրել՝ որպէսզի աշխարհ հրաժարի վերջնական վատ համաձայնութենէ մը։