ՏՈՒՇԱՆՊԷԻ ՄԷՋ ՀԱՊԿ-Ի ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Տուշանպէի մէջ մասնակցեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին համաշխարհային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան վրայ ազդեցութիւն գործող խնդիրներուն, Կեդրոնական Ասիոյ, Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն կապակցութեամբ։ Անոնք կանգ առին նաեւ Աֆղանիստանէ ներս կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն վրայ։
Իր ելոյթին մէջ Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ այս բոլորին շուրջ։ Ան մասնաւոր անդրադարձ կատարեց Հարաւային Կովկասէն ներս ստեղծուած իրավիճակին։
Քննարկուեցան ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան համադրման հարցերը, անդրադարձ կատարուեցաւ ռազմական եւ ռազմաթէքնիկ համագործակցութեան զարգացման, ահաբեկչութեան եւ թմրանիւթերու ապօրինի շրջագայութեան դէմ պայքարին։
Տաճիկիստանի Արտաքին գործոց նախարար Ասլով անդրադարձաւ իր երկրի շրջանային նախագահութեան ժամանակահատուածի առաջնահերթութիւններու իրականացման։ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժա զեկուցեց կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութեան, համագործակցութեան շրջանակներէն ներս արձանագրուած արդիւնքներուն մասին։
ՀԱՊԿ-ի այս նիստին հրաւիրուած էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Փոխ-վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ, որ հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ ՀԱՊԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, միջազգային կամ տարածքաշրջանային այլ կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ։
Նախարարները որոշեցին այս տարուան տեւողութեան ՀԱՊԿ-ի կողմէ կատարուելիք յայտարարութիւններուն տասն նիւթերը, որոնցմէ երեքը առաջարկուած է Հայաստանի նախաձեռնութեամբ։