ՄԵԼԹԷՄ ԹՈՔՍԷՕԶ ԱՏԱՆԱՅԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ՄԷՋ

Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին (Tarih Vakfı) կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած Հինգ­շաբ­թիի զրոյց­նե­րու շար­քի հեր­թա­կան փու­լին ե­րէ­կուան հիւրն էր Պո­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նի Պատ­մու­թեան ամ­պիո­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Տոց. Մել­թէմ Թոք­սէօզ։ 2015 թուա­կա­նին զու­գադի­պած տա­րե­լի­ցին բե­րու­մով կազ­մա­կեր­պուած այս զրոյց­նե­րու ե­րէ­կուան փու­լին ըն­թաց­քին լու­սար­ձա­կի տակ առ­նուե­ցան 1909 թուա­կա­նին Ա­տա­նա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­յոց ջար­դե­րը։ Ա­տա­նա­յի ջար­դե­րը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նին օս­մա­նեան հա­յոց պետու­թեան եւ պատ­մա­կան Կի­լի­կիոյ տա­րած­քի ուշ շրջա­նի օս­մա­նեան պատ­մու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Այդ տա­րած­քի պատ­մու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան ա­ռըն­թեր, Ա­տա­նա­յի ջար­դե­րը կը բնո­րո­շեն նաեւ սկիզ­բը այն գոր­ծըն­թա­ցին, ո­րու հե­տե­ւան­քով Իթ­թի­հա­տա­կան շարժ­ման կող­մէ որ­դեգ­րուած թրքաց­ման եւ ազ­գայ­նաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը մնա­ցին ա­նայ­լընտ­րանք։

Այս բո­լո­րին լոյ­սին տակ Մել­թէմ Թոք­սէօզ ա­ռա­ջին հեր­թին բա­ցատ­րեց, որ զա­նա­զան աղ­բիւր­նե­րու մէջ Ա­տա­նա­յի ջար­դե­րուն շուրջ ի՛նչ սահ­մա­նում­նե­րով կը խօ­սուի։ Օս­մա­նեան ար­խիւ­նե­րու փաս­տա­թուղ­թե­րով՝ Ա­տա­նա­յի ջար­դե­րը պե­տու­թեան կող­մէ բնո­րո­շուած են որ­պէս տե­ղա­կան խնդիր մը։ Իսկ ա­կա­նա­տես­նե­րու վկա­յու­թիւն­ներն ու տե­ղա­կան աղ­բիւր­նե­րը այդ ջար­դե­րը կը բնո­րո­շեն որ­պէս դէպք։ Մել­թէմ Թոք­սէօզ ըսաւ, թէ այդ «դէպք»ի հաս­կա­ցու­թեան ընդ­հա­նուր յստա­կե­ցու­մը բա­ւա­կան դժուար է։ Իսկ հայ­կա­կան եւ օ­տար աղ­բիւր­նե­րուն մօտ ապ­րուած­նե­րը ո­րա­կուած են որ­պէս սպանդ։ Ա­տե­նա­խօ­սը կանգ ա­ռաւ այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ զա­նա­զան աղ­բիւր­ներ տար­բեր տուեալ­նե­րու կ՚ակ­նար­կեն պատ­ճառ­նե­րու, պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու եւ թի­ւե­րու շուրջ։ Օս­մա­նեան դրա­մա­տան հա­շիւ­նե­րուն հի­ման վրայ կա­րե­լի է հե­տեւց­նել, որ կա­րե­ւոր հա­մե­մա­տու­թեամբ նիւ­թա­կան վնաս մը յա­ռա­ջա­ցած է, ա­ւե­լի՛ն, այդ հա­շուարկ­նե­րուն մէջ տա­կա­ւին նկա­տի չէ առ­նուած հո­ղե­րու մա­կե­րե­սի բեր­քին փո­խար­ժէ­քը։

Տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բնոյ­թով շարք մը կա­րե­ւոր հան­գան­մանք­ներ ման­րա­մաս­նե­լէ վերջ, Մել­թէմ Թոք­սէօզ ընդգ­ծեց իր այն հա­մո­զու­մը, թէ բռնու­թեան թափ ստա­նա­լու ե­րե­ւոյ­թը պէտք է քննար­կել տնտե­սա­կան գոր­ծօն­նե­րէ ան­դին։ Ան կա­րե­ւոր հա­մա­րեց նաեւ այն հան­գա­ման­քը, թէ Ա­տա­նա­յի ջար­դե­րը հա­մընկ­նած են 31 Մար­տի դէպ­քին։ Հա­յոց հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներն ու շրջա­նի հիւ­պա­տոս­նե­րը թէեւ օգ­նու­թեան կոչ ուղ­ղած են, սա­կայն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պա­հած է լռու­թիւն եւ կեդ­րո­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը փոր­ձած է զօր­քե­րու մի­ջո­ցաւ հան­դար­տեց­նել մթնո­լոր­տը։ Թոք­սէօզ բա­ցատ­րեց, որ դէ­պի Ապ­րի­լի 26-ը Ա­տա­նա­յի եւ շրջա­կայ­քին մէջ հան­դար­տած է մթնո­լոր­տը, սա­կայն աղ­բիւր­նե­րը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չեն փո­խան­ցեր՝ ա­նոնց ինչ­պէս դադ­րած ըլ­լա­լուն շուրջ։

Մել­թէմ Թոք­սէօզ յի­շե­ցուց նաեւ, որ Ա­տա­նա­յի ջար­դե­րէն վերջ այն­տեղ ու­ղար­կուած է նաեւ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը, ո­րու կազ­մին մէջ կը գտնուէին ե­րես­փո­խան Պա­պի­կեան եւ Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2015