ՀԵՌԱՀԱՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) 88-րդ հա­մա­գու­մա­րը կը շա­րու­նա­կուի Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին շրջագծով նա­խա­տե­սուած զրոյց­նե­րու շար­քը կ՚ար­ժա­նա­նայ ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Այս նա­խագ­ծին հեր­թա­կան փու­լը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի յար­կէն ներս, «Ա­լէք եւ Մա­րի Մա­նու­կեան» սրա­հի եր­դի­քին տակ։ Իսկ այ­սօր զրոյց­նե­րու շար­քին եզ­րա­փա­կիչ փու­լը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Դի­լի­ջա­նի Մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցին մէջ։

Ե­րէ­կուան զրոյ­ցին նիւթն էր՝ «Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նա­կերտ­ման մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը»։ ՀԸԲՄ-ի 88-րդ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն ա­ռըն­թեր ներ­կայ գտնուե­ցան պե­տա­կան գոր­ծիչ­ներ, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, սփիւռ­քա­հայ կա­ռոյց­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, նո­րա­րա­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ եւ այլ հիւ­րեր։

Ե­րէ­կուան զրոյցն ալ վա­րեց յայտ­նի հե­ռուս­տա­հա­ղոր­դա­վար ու լ­րագ­րող Ար­տակ Ա­լեք­սա­նեան։ Իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ ան շեշ­տեց, որ ՀԲԸՄ-ի զրոյց­նե­րու շար­քին կազ­մա­կերպ­ման նպա­տակն է ո­գե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծել, ներշն­չան­քի ա­ռիթ հան­դի­սա­նալ, նաեւ ներգ­րա­ւել գա­ղա­փար­ներ ու ծրագ­րեր՝ ազ­գի զար­գաց­ման հա­մար։ Իբ­րեւ կար­գա­խօս ընտ­րուած էր՝ «Ո­գեշն­չել, ներգրա­ւել, հզօ­րաց­նել ազ­գը»։

Հա­ւա­քոյ­թի սկիզ­բին որ­պէս ա­ռա­ջին բա­նա­խօս հան­դէս ե­կաւ հռչա­կա­ւոր տնտե­սա­գէտ, MIT հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Փրոֆ. Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լու, ո­րու հետ կապ հաս­տա­տուե­ցաւ հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցաւ։ Բո­լո­րը հե­տաքրք­րու­թեամբ ունկնդ­րե­ցին Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լուի խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն։ Ան խօս­քը ա­ւար­տե­լէ վերջ քննարկ­ման ողջ տե­ւո­ղու­թեան՝ ամ­բողջ ե­րեք ժա­մուան ըն­թաց­քին մնաց կա­պի մէջ՝ հե­ռա­կայ դրու­թեամբ հե­տե­ւե­լով զրոյ­ցին։ Ա­ւար­տին, Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լու պա­տաս­խա­նեց նաեւ ի­րեն ուղ­ղուած հար­ցում­նե­րուն։

Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լուի խօս­քէն ա­ռաջ Ար­տակ Ա­լեք­սա­նեան ներ­կա­յա­ցուց ա­նոր հա­մա­ռօտ կեն­սագ­րու­թիւ­նը, շեշ­տե­լով, որ ան մեր ժա­մա­նակ­նե­րու ա­մե­նան­շա­նա­ւոր տնտե­սա­գէտ­նե­րէն մին է։ Յի­շե­ցուց, թէ Ա­ճէ­մօղ­լու նուա­ճած է «Քլարք»ի պար­գե­ւը, որ կը շնոր­հուի մին­չեւ քա­ռա­սուն տա­րե­կան տնտե­սա­գէտ­նե­րուն։ Զրու­ցա­վա­րը կանգ ա­ռաւ նաեւ Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լուի մաս­նա­գի­տա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն վրայ, նե­րա­ռեալ հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ ու­շագ­րաւ վեր­լու­ծում­նե­րը։

Ա­պա ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լու, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ ի­րեն հե­տե­ւող ներ­կա­նե­րը հա­յե­րէ­նով ող­ջու­նե­լէ վերջ, պատ­րաս­տած զե­կոյ­ցը ներ­կա­յա­ցուց անգ­լե­րէ­նով։ Ան ցոյց տուաւ նաեւ տնտե­սա­կան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան տե­սո­ղա­կան ա­ռար­կա­ներ։ Ա­ճէ­մօղ­լու փոքր ու մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու եւ զար­գա­ցած ու տկար տնտե­սու­թիւն­նե­րու օ­րի­նա­կներու վրայով ցոյց տուաւ ձա­խող­ման պատ­մու­թիւն­նե­ր։ Կեդ­րո­նա­­նա­լով Հա­յաս­տա­նի օ­րի­նա­կին վրայ՝ ան ը­սաւ, թէ Հա­յաս­տան կը գտնուի այն եր­կիր­նե­րու շար­քին, ուր չկայ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն, թա­փան­ցիկութիւն եւ բազ­մա­կար­ծու­թիւն, ինչ որ կ՚են­թադ­րէ, թէ չի կրնար ըլ­լալ նաեւ տնտե­սա­կան աճ։ Ա­ճէ­մօղ­լուի խօս­քե­րով, նման եր­կիր­նե­րու մէջ տնտե­սա­կան զար­գա­ցու­մը կը խո­չըն­դո­տեն այն­պի­սի կա­ռոյց­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց մե­նաշ­նոր­հը դար­ձու­ցած են ամ­բողջ պա­շա­րը ու կը մեռց­նեն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան, ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան ջի­ղը՝ մար­դոց մէջ։ Ան չժխտեց, որ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման վրայ անդ­րա­դարձ կ՚ու­նե­նան նաեւ իր աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քը, ինչ­պէս նաեւ հա­մայ­նա­վա­րա­կան նախ­կին հա­սա­րա­կար­գէն ժա­ռան­գուած մտա­ծե­լա­կեր­պին ձե­ւե­րը կամ դրսե­ւո­րում­նե­րը։ Ուս­տի, ա­մէն ինչ պէտք չէ բար­դել ներ­կայ քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան դրու­թեան վրայ։ Բայց եւ այն­պէս, Ա­ճէ­մօղ­լուի հա­մոզ­մամբ ճշմար­տու­թիւ­նը ու­րիշ կէ­տի մը վրայ է։ Այս­պէս, լաւ տնտե­սու­թիւն մը զար­գաց­նե­լու հա­մար պէտք է ու­նե­նալ այն­պի­սի հա­մա­կարգ մը, որ ունի նե­րառ­նելու կարողութիւններ։ Բնա­կա­նոն տնտե­սու­թիւն ու­նե­նա­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ու­նե­նալ ու­ժեղ հա­սա­րա­կու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ միայն ու­ժեղ հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը կրնան կեր­տել ու­ժեղ պե­տու­թիւն մը։

Իր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լու բարձր գնա­հա­տեց Հա­յաս­տա­նի ներ­քին նե­րու­ժը, նաեւ ար­տա­քի­նը՝ ի դէմս Սփիւռ­քի։ Բայց եւ այն­պէս, ար­դիւ­նա­ւէտ պե­տու­թիւն մը կա­ռու­ցե­լը, տնտե­սա­կան հա­մա­կարգ մը ստեղ­ծե­լը քա­ղա­քա­կան խնդիր մըն է, կը պա­հան­ջէ քա­ղա­քա­կան կամք եւ հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում։

Ե­րէ­կուան ժո­ղո­վի միւս ա­տե­նա­խօս­ներն էին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­յե­ցա­կար­գա­յին հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի տնօ­րէն Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեան, Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի շա­րու­նա­կա­կան կրթու­թեան ծրագ­րե­րու տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Պա­լեան եւ ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւանց յանձ­նա­կա­տա­րի Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ շրջա­նա­յին մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար Ար­մէն Յա­րու­թիւ­նեան։

Վի­գէն Սարգ­սեան տե­սա­կէտ­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լէ ա­ռաջ ՀԲԸՄ-ին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ նման զրոյց­նե­րու շարք մը կազ­մա­կեր­պե­լու գա­ղա­փա­րը յղա­ցած ըլ­լա­լու հա­մար։ Ան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ հա­մա­գու­մա­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ նաեւ նման քննար­կում­նե­րու, ներգ­րա­ւե­լով զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէ մար­դիկ՝ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն, ե­րի­տա­սար­դա­կան շրջա­նակ­ներ ե­ւայլն։ Վի­գէն Սարգ­սեա­նի հա­մոզ­մամբ, սա շատ կա­րե­ւոր ազ­դակ մըն է այն դե­րա­կա­տա­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ, զոր ՀԲԸՄ ի­րեն վի­ճա­կած կը հա­մա­րէ Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­ւե­լի վերջ Վի­գէն Սարգ­սեան բա­ցատ­րեց, որ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան կերտ­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րէն մին է՝ հա­յոց պատ­մու­թեան բազ­մա­թիւ հար­ցե­րու չլու­ծուած ըլ­լա­լը։ Ան­ցեա­լէն ժա­ռան­գուած բա­զում հար­ցե­րու լու­ծու­մէն վերջ միայն հնա­րա­ւոր է կեր­տել ա­մուր պե­տա­կա­նու­թիւն մը։

Ար­փի Պա­լեան ըստ էու­թեան ար­ծար­ծեց այն միտ­քը, թէ Սփիւռ­քի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը մեծ ներդ­րում կրնան ու­նե­նալ պե­տա­կա­նա­կերտ­ման հար­ցին մէջ։ Ըստ ի­րեն, անհ­րա­ժեշտ չէ, որ բո­լոր սփիւռ­քա­հա­յե­րը Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուին՝ երկ­րին օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու հա­մար։ «Կա­րե­լի է մնալ դուր­սը, բայց պէտք է հա­յեաց­քը ուղ­ղել դէ­պի Հա­յաս­տան եւ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ու­ժե­րուն նե­րած չա­փով բան մը պէտք է ը­նէ Հա­յաս­տա­նի հա­մար», ը­սաւ ան եւ անձ­նա­կան կեան­քէն օ­րի­նակ­ներ մէջ­բե­րե­լով դի­տել տուաւ, որ որ­պէս սփիւռ­քա­հայ տա­րի­ներ ա­ռաջ գա­ցած է Հա­յաս­տան ու կը փոր­ձէ իր ու­ժե­րուն նե­րած չա­փով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րել երկ­րի զար­գաց­ման։

Ար­մէն Յա­րու­թիւ­նեան մաս­նա­ւո­րա­պէս ող­ջու­նեց պե­տա­կա­նա­կերտ­ման հար­ցին վե­րա­բե­րեալ Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լուի կող­մէ ար­տա­յայ­տուած միտ­քե­րը։ Ան եւս հա­մա­կար­ծիք է, թէ պէտք է ստեղ­ծուի ոչ թէ միա­կեդ­րոն, այլ բազ­մա­կեդ­րոն քա­ղա­քա­կան հա­մա­կարգ մը, ուր պէտք է բա­ցա­կա­յի քա­ղա­քա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան մե­նաշ­նոր­հայ­նա­ցու­մը։ Ան ը­սաւ, թէ գո­յու­թիւն պէտք է ու­նե­նայ իս­կա­կան բազ­մա­կու­սակ­ցա­կան դրու­թիւն։

Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեան, ըստ էու­թեան, շեշ­տը դրաւ մար­դու, ան­հա­տի պաշտ­պա­նու­թեան, պաշտ­պա­նուած ըլ­լա­լու հար­ցին վրայ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ը­սաւ, որ ներ­կա­յիս թէ՛ պե­տու­թեան եւ թէ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար մեծ հարց մըն է ան­հա­տի պաշտպա­նուած ըլ­լա­լը՝ տնտե­սա­կան, ի­րա­ւա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով։ Ան մար­տահ­րա­ւէր հա­մա­րեց աշ­խար­հի հետ շփու­մը, մտքի եւ հոգ­ւոյ սահ­ման­նե­րու բա­ցու­մը։ Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեան պատ­մու­թե­նէն օ­րի­նակ­ներ մէջ­բե­րե­լով նշեց, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը զար­գա­ցած ե­ղած է պատ­մու­թեան այն ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին, երբ բաց ե­ղած են աշ­խար­հի հետ իր շփման դռնե­րը։

Ի­րենց հիմ­նա­կան խօս­քե­րէն վերջ, բա­նա­խօս­նե­րը պա­տաս­խա­նե­ցին նաեւ ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։ Այս հանգ­րուա­նին խօսք ա­ռաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան, որ իր մօ­տե­ցում­նե­րը բաժ­նեց հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րուն հետ։

Դի­լի­ջա­նի Մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցին մէջ այ­սօ­րուան վեր­ջին զրոյ­ցը խո­րագ­րուած է՝ «Հա­յու­թեան մի­ջազ­գա­յին դիր­քե­րու ամ­րապն­դու­մը»։

Միւս կողմէ, ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը երէկ Երե­ւա­նի մէջ մասնակցեցաւ «Իմ ուղին» ուսումնավերա­կանգնման կեդրոնի նոր շէնքի բացման։ Հայաստանի Ա­ռաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորու­թեան ներքեւ կատարուեցաւ հանդիսաւոր բացումը։ Կեդրոնը մասնագիտացած է օթիզմի վրայ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2015