ՉԱՐԼԶԻ ԴԷՄ ԿՈՉ
Միացեալ թագաւորութեան արքայազն Չարլզ կը պատրաստուի մասնակցիլ Իսրայէլի պետութեան հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններուն, որոնք նախատեսուած են Լոնտոնի դեսպանատան մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, «Համաս»ի կողմէ հրապարակուեցաւ գրաւոր յայտարարութիւն մը, որով պախարակուեցաւ արքայազն Չարլզի այս մտադրութիւնը։
Ըստ յայտարարութեան, արքայազնի կողմէ այդ տօնակատարութիւններուն մասնակցիլը պիտի նշանակէ՝ անտեսել միլիոնաւոր պաղեստինցիներու տեղահանութիւնը եւ 1948 թուականին սիոնիստ հրոսախումբերու կողմէ կատարուած սպանդները։ Շեշտուեցաւ նաեւ, որ այդ սպանդներու իրագործման խրախուսման առումով ամենալուրջ դերակատարութիւնը խաղացած է անգլիական կառավարութիւնը։
Նոյն յայտարարութեան մէջ Անգլիոյ ժողովուրդին կոչ ուղղուեցաւ՝ որպէսզի արքայազնի վրայ ճնշում բանեցուի կանխելու համար այդ այցելութիւնը։