ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան Պրիւքսէլի մէջ այս շաբթուան սկիզբին մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու աւագ պաշտօնեաներու հանդիպման։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս հանդիպման նպատակն էր քննարկել ԵՄ-ի եւ գործընկեր երկիրներու մօտեցումները, ակնկալութիւնները՝ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մօտալուտ ժողովին եւ անոր յաջորդելիք գագաթաժողովին ընդառաջ։ Կարէն Նազարեան Պրիւքսէլի նիստին ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ ընդգծեց ԵՄ-ի աջակցութեամբ ընթացող բարեփոխումներու գործընթացները խորացնելու, ԵՄ-ի հետ քաղաքական, տնտեսական երկխօսութիւնը եւ ոլորտային համագործակցութիւնը ընդլայնելու ուղղութեամբ Երեւանի պատրաստակամութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ Նազարեան ներկայացուց ԵՄ-ի հետ իրաւական նոր փաստաթուղթի մը շուրջ անցեալ տարեվերջէն ի վեր սկսած կարծիքներու փոխանակման արդիւնքները։ Ան կարեւորեց Եւրոյանձնաժողովին կողմէ նախատեսուած Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան վերատեսութեան ենթարկուելու գործընթացը։ Կարէն Նազարեան ընդգծեց, որ համաեւրոպական արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութեան եւ բարեփոխումներու մէջ արձանագրուած յառաջընթացին հիման վրայ տարբերակուած մօտեցում ցուցաբերելը կը համարուի անհրաժեշտ։
Միւս կողմէ, Պրիւքսէլի մէջ նոյն օրերուն քննարկուեցան ԵՄ-Վրաստան համագործակցութեան հրատապ հարցերը։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ տարածքաշրջանէ ներս Ռուսաստանի գործողութիւնները։ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Թամարա Պերուչաշվիլի այս առթիւ յայտնեց, թէ իրենց օրակարգը ամբողջութեամբ կ՚ընդգրկէ այն բոլոր ռազմավարական նիւթերը, որոնք կը ցոլացնեն Թիֆլիզի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները։ Ան աւելցուց, որ ԵՄ անգամ մը եւս հաստատած է իր աջակցութիւնը Վրաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան համար։