ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի մէջ կազմակերպուած 88-րդ համագումարի ծրագրով իրականացած զրոյցներու շարքը շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ Դիլիջանի միջազգային դպրոցին մէջ։ Ուրբաթ, Ապրիլի 3-ին կազմակերպուած վերջին զրոյցը խորագրուած էր՝ «Հայութեան միջազգային դիրքերու ամրապնդումը»։
Թէեւ Երեւանէն բաւական հեռու շրջանի մը մէջ տեղի ունեցաւ վերջին զրոյցը, սակայն անոր նկատմամբ հետաքրքրութիւնը նուազ չէր նախորդներուն բաղդատմամբ։ Այս զրոյցին մասնակցեցան հայութեան վերաբերեալ հարցերով մտահոգ կամ անոնցմով հետաքրքրուած թէ՛ հայեր եւ թէ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Զրոյցի մասնակիցները սկիզբին ծանօթացան ներկայ կրթական տարուան սկիզբին իր դռները բացած Դիլիջանի Միջազգային դպրոցին ու անոր սքանչելի համալիրին։ Շրջայցի արդիւնքին բոլորը չկրցան թաքցնել իրենց հիացմունքը եւ ողջունեցին Հայաստանի մէջ այսպիսի փառահեղ կրթական ծրագրի մը կեանքի կոչուած ըլլալու երեւոյթը։
ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած զրոյցին ծիրէն ներս առաջին հերթին տանտիրոջ իրաւունքով ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար Ռուբէն Վարդանեան, որու ղեկավարած հիմնարկին կողմէ կը հովանաւորուի Դիլիջանի Միջազգային դպրոցը։ Վարդանեանէն վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ դպրոցի տնօրէնը՝ Ճոն Փատըֆուտ։ Այս վերջինը նախ հայերէնով ողջունեց ներկաները, իսկ աւելի վերջ անգլերէնով մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ նորահիմն կրթօճախի առաջին քայլափոխի յաջողութիւններուն առընչութեամբ։
Ինչպէս նախորդ զրոյցները, եզրափակիչ փուլի հաւաքոյթն ալ վարեց յայտնի հեռուստահաղորդավար Արտակ Ալեքսանեան։ Նախորդ քննարկումներուն ալ լոյսին ներքեւ ան ընդգծեց, որ ՀԲԸՄ արդէն կը գործէ աւելի քան դարէ մը ի վեր եւ է՝ հայութեան կեանքէն ներս կարեւորագոյն դեր ունեցած եւ ներկայիս ալ ունեցող համահայկական կառոյց մը։ Ներկայիս ՀԲԸՄ թեւակոխած է իր գոյութեան ու գործունէութեան երկրորդ հարիւրամեակը եւ կը փորձէ ի մի բերել հայութեան խնդիրները, քննարկումներու միջոցաւ բիւրեղացնել, թէ Հայաստան այսօր ի՞նչ ճամբով կ՚ընթանայ եւ ապագային ինչպիսի՞ Հայաստան մը գոյութիւն պիտի ունենայ։ Այս հակիրճ ներածականէն վերջ ան բացատրեց նաեւ զրոյցներու շարքի վերջին հանգրուանին նիւթը։
Ատենախօսներն էին՝ Ռուբէն Վարդանեան, GK Brand ընկերութեան տնօրէն Վազգէն Գալայճեան, Հայաստանի «Հայրենիքի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնարկի նախագահ Թիմոթի Սթրայթ եւ Golden Grape ArmAs գինեգործութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Վիքթորիա Արսլանեան։
Բանախօսները, ըստ էութեան, կեդրոնացան այն կէտին վրայ, թէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը ինչպիսի գործօններով կրնայ միաւորուիլ եւ Հայաստան այսուհետեւ ազգային ինչ դիմագծով կրնայ ներկայանալ աշխարհին՝ ամրապնդելով իր դիրքերը։ Բոլոր ատենախօսները նկատեցին, որ Հայաստանի մէջ բացասական միջավայրը, յոռետես արտայայտութիւնները կ՚անդրադառնան մարդոց հոգեբանութեան վրայ եւ կը յառաջացնեն ընկճուածութիւն։ Մինչդեռ, անընդհատ պէտք է ցոյց տրուին լաւ օրինակները, որպէսզի ժողովուրդը դուրս գայ տեւական յուսահատութենէ եւ յառաջ տանի երկիրը։
Ռուբէն Վարդանեանի համոզմամբ, մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանն ու հայկական աշխարհը իրարու կապելը։ Անոնց երկուքին միջեւ պէտք է ստեղծուի հաղորդակցութիւն եւ զիրար հասկնալու դաշտ մը։ Այս առումով Ռուբէն Վարդանեան մեկնաբանեց ՀԲԸՄ-ի դերակատարութիւնը՝ ընդգծելով, որ ան ձեռնարկներ կ՚իրականացնէ՝ հայկական աշխարհը համախմբելու եւ միաւորելու առաջադրութեամբ։ Ըստ Ռուբէն Վարդանեանի, այսօր հնարաւոր է կազմակերպել հայ աշխարհը, եթէ թէ՛ Հայաստան եւ թէ Սփիւռքը տեսնեն համագործակցութեան օգուտը, որովհետեւ այդ պարագային երկուստեք կամք մը կը գոյանայ։ Վարդանեան աւելցուց, որ հայուն մտածելակերպը միտուած է գոյատեւման եւ այժմ պէտք է փոխուի դէպի բարգաւաճում։ Հայ մարդը պէտք է դադրի կրկնելէ, որ ամէն ինչ վատ է եւ Հայաստանի մէջ միջավայր չկայ։ Եթէ այդպիսի մտածելակերպը շարունակուի, ապա, Ռուբէն Վարդանեանի համոզմամբ, հայը ապագայ չի կրնար ունենալ։ «Ես մեծ փափաք ունիմ, որպէսզի երախաներս հպարտութիւն զգան հայ ըլլալու համար։ Անբացատրելի զգացում մըն է, երբ քու երազանքդ իրականութիւն կը դարձնես եւ ատոր համար բացարձակապէս պայման չէ, որ ըլլաս միլիառատէր։ Անհնարին ոչինչ կայ», ըսաւ Ռուբէն Վարդանեան եւ աւելցուց, թէ միջակութիւնը ամենավտանգաւոր հիւանդութիւնն է, որ կայ Հայաստանի մէջ եւ կը խեղդէ միջավայրը, հետեւաբար այդ մէկը պէտք է յաղթահարուի առաջնահերթօրէն։
Վազգէն Գալայճեան ուրախութիւն յայտնեց այսպիսի հանդիպումի մը մասնակցութիւն բերած ըլլալու բերումով։ Ան յայտնեց, թէ ՀԲԸՄ-ի արժէքները հարազատ կը զգայ ինքզինքին։ Զանազան հետազօտութիւններու կամ հարցախոյզներու համադրեալ արդիւնքներու լոյսին տակ ան բացատրեց, որ աշխարհի վրայ այսօր շատեր չեն ճանչնար Հայաստանը։ «Մէկ կողմէ վատ է, որ մարդիկ չեն գիտեր Հայաստանի մասին, բայց մեզի համար, որպէս ընկերութիւն, այդ մէկը շատ լաւ է, որովհետեւ այդ պարապ տեղը կրնանք լեցնել այնպէս, ինչպէս որ մենք կը փափաքինք։ Մենք կրնանք փոխել Հայաստանի վերաբերեալ հին պատկերացումները, եւ ստեղծել նոր պատմութիւն մը», ըսաւ ան եւ բաժնեց իր ընկերութեան փորձառութիւնները՝ զբաղելու ժամանակ Հայաստանի ազգային ապրանքանիշի ստեղծմամբ։ Գալայճեան կարեւորեց, որպէսզի վերջին տասնամեակի դրական պատմութիւնները ներկայացուին աշխարհին։
Թիմոթի Սթրայթ, որ Հայաստանի մէջ յայտնի դիւանագէտ մըն է, 15 տարիէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ երկրէն ներս։ Ան Հայաստանը այնքան սիրած է, որ մնացած է այնտեղ ու կը զբաղի այլ գործունէութիւնով՝ 15 տարիէ ի վեր։ Երկրի 14 հեռաւոր գիւղերէն ներս ան հիմնած է կիներու զբաղուածութեան կեդրոններ, որոնցմէ ներս կատարուած ձեռային աշխատանքները պահանջարկ ունին Հայաստանէն դուրս եւ անոնց վաճառքով գոյացած հասոյթին շնորհիւ՝ եկամուտ կ՚ունենան կիները։ Ան իր հետ բերած էր այդ կեդրոններէն մէկուն մէջ պատրաստուած ձեռագործ իրեղէն մը՝ որպէս օրինակ։ Սթրայթ ներկաներուն պարզապէս ցոյց տուաւ ձեռագործ արջուկ մը եւ յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ արտադրուածը Չինաստանի մէջ պատրաստուածին բաղդատմամբ ունի աւելի լաւ որակ մը եւ աւելի աժան է։ Սա կ՚ապացուցանէ, որ Հայաստանի ուժերը անսպառ են, պարզապէս անոնք թաքնուած են ու պէտք է երեւան բերուին, պէտք է արթննան։ Թիմոթի Սթրայթ նշեց նաեւ, թէ պայման չէ մեծածաւալ նախագծեր իրականացնել՝ Հայաստանը մրցակցային դարձնելու համար, որովհետեւ այդ մէկը հնարաւոր է նաեւ փոքրածաւալ, միեւնոյն ժամանակ որակեալ ու մրցունակ արտադրանքով։
Վիքթորիա Արսլանեանն ալ պատմեց իր ղեկավարած ընկերութեան արձանագրած նուաճումներուն լոյսին տակ ամբարուած փորձառութիւնը։ Ան խորհրդանշական բանաձեւումներով պատմեց, թէ օգտագործած են Նոյի առասպելը, ինչ որ նպաստած է լաւ գինիներու արտադրութեան։ Եւ այդպէսով կրցած են քանի մը տարուան ընթացքին հասնիլ՝ ութսուն տարուան ընթացքին Ֆրանսայի հասածէն աւելիին։ Ան բոլոր ներկաներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի խրախուսեն հայկական արտադրանքը եւ տուեալ պարագային՝ գնեն հայկական լաւագոյն գինին, որ այսօր մրցունակ է աշխարհի մէջ։
Ելոյթներէն վերջ ատենախօսները պատասխանեցին նաեւ ներկաներու զանազան հարցումներուն։
Աւարտին, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սերդակեան ամփոփեց այս երեք զրոյց-քննարկումները։ Ան ըսաւ, թէ զրոյցներու կազմակերպուած վայրերը պատահաբար չէին ընտրուած։ Արդարեւ, անոնք վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ հիմնուած զարգացման կեդրոններ են եւ իրենց տարած գործունէութեամբ ուղղակի աղերս ունին ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնած զրոյցներու նիւթերուն հետ։ Պերճ Սեդրակեան կարեւոր նկատեց ՀԲԸՄ-ի 88-րդ համագումարին Հայաստանի մէջ կազմակերպման երեւոյթը։ Ըստ իրեն, ընդհանուր ժողովի աշխատանքներու եզրափակիչ փուլին՝ սոյն հանդիպումներու եւ քննարկումներու լոյսին տակ, արդէն ուրուագծուած կ՚ըլլայ ճանապարհ մը, որով Հայաստան պիտի ընթանայ յառաջիկայ տարիներուն՝ հաւասարապէս մրցելով աշխարհի հետ եւ ամրապնդելով հայութեան դիրքերը՝ յառաջատար բնագաւառներէ ներս։