Կիրակի 16, Մարտ 2025
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՇՐՋԵՑԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին նկարիչ Տարօն Մուրատեանի ցուցահանդէսը, որ բացուած է «Քատիր Հաս» համալսարանէն ներս։ «Բացայայտ գաղտնի խաղ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը պատրաստուած է Փրոֆ. Հասան Պիւլենտ Քահրամանի կողմէ։ Դպրոցէն ուղարկուած լուսանկարին մէջ խումբը կ՚երեւի ցուցադրասրահի երդիքին տակ։
Շաբաթ, Յունիս 9, 2018