ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ՝ Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան ազատուեցաւ Ս. Գայիանէ վանքի վանահօր պարտականութիւններէն։ Այս կապակցութեամբ Մայր Աթոռի լուսարարապետութեան թելադրուեցաւ Հայր Կորիւնի կեցութիւնը մայրավանքէ ներս։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարգապահական յանձնախումբին յանձնարարական տրուեցաւ քննութեան առնել Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեանի հետ առընչուած խնդիրները։ Նորին Սրբութեան տնօրինութեամբ Ս. Գայիանէ վանքի վանահայր նշանակուեցաւ Տ. Մատթէոս Վրդ. Պօղոսեան։
Հարկ է յիշեցնել, որ Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան վերջերս բողոքի ցոյցերու մասնակից դարձած էր «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» կարգախօսով ու պահանջած՝ Հայոց Հայրապետի հրաժարականը։
Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իր օրհնութիւնը բաշխեց Մասիս քաղաքի ուխտաւորներուն։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալեց՝ Արարատեան Հայրապետական թեմի Մասիս քաղաքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ համայնքի անդամները եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Հայ օգնութեան ֆոնտի երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի սաները։ Խումբը գլխաւորեց յիշեալ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Աշոտ Քհնյ. Սաֆարեան։
Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց՝ որպէսզի ուխտաւորները ապրին աւետարանական պատգամներով եւ տէրունաւանդ սիրոյ մէջ։
Հանդիպման ընթացքին ուխտաւորները երգեցին «Սուրբ, սուրբ»ը եւ Կոմիտասի «Կռունկ»ը։