ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՀԻՒՐԵՐ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ այս օրերուն կ՚այցելեն Հայաստան։ Շաբաթավերջին ուխտաւորներու խումբը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Ուխտաւորները գլխաւորեց Սանթա-Քլարիթայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ալանճեան, որ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց ուխտաւորները։ Ան անդրադարձաւ նաեւ ծխական կեանքին եւ արտայայտեց դէպի Հայաստան ուխտագնացութեան տպաւորութիւնները։
Նորին Սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով ուխտաւորներուն՝ գնահատանք յայտնեց հոգեւոր հովիւին, որ նման նախաձեռնութիւն մը կազմակերպած է։ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ ուխտագնացութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ հաւատացեալներուն՝ ներշնչուելու Հայաստանով, զօրանալու նախնեաց հաւատքով ու մշակոյթով։
Հանդիպման տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ հայրենիքի անկախութեան պայմաններուն ներքեւ ներկայիս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին վերազարթօնք կ՚ապրի եւ կը վերականգնուի իր տէրունաւանդ առաքելութեան զանազան ոլորտներուն մէջ։ Ան հաստատեց, որ հայ եկեղեցականներու նուիրեալ սպասաւորութեան շնորհիւ բազում հոգեշահ իրագործումներով կը պայծառանայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքը։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ամերիկահայ ուխտաւորները գնահատեց նաեւ մայրենի լեզուն պահպանած ըլլալու համար։ Նորին Սրբութիւնը հետաքրքրուեցաւ նաեւ անոնց համայնքի կեանքով ու գործունէութեամբ։