ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Աւստրալիոյ Եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու էքիւմենիք պատուիրակութիւնը։ Այս միջեկեղեցական պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր Սիտնիի Բիւզանդական կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռապըրթ Արքեպիսկոպոս Ռապաթ։ Էքիւմենիք պատուիրակութեան ուղեկցեցաւ Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի Հայրապետական պատուիրակ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճառեան։

Ողջունելով քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները՝ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց այս պատուիրակութեան Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութեան կապակցութեամբ, ինչ որ լաւագոյն վկայութիւնը կը համարուի եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններուն։ Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ արձանագրեց, որ Աւստրալիա կատարած հովուապետական այցելութեան ժամանակ ականատեսը դարձած էր Հայ Առաքելական եւ քրիստոնէական միւս համայնքներու միջեւ ստեղծուած սիրոյ, համերաշխութեան եւ սերտ համագործակցութեան։ Այս կապակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, թէ Աւստրալիոյ եկեղեցիներու առաջնորդներու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին տուած այցը կը նպաստէ այդ կապերու առաւել ամրապնդման։

Իր կարգին, Ռապըրթ Արքեպիսկոպոս Ռապաթ ընթերցեց միջեկեղեցական այս պատուիրակութեան անդամներուն անունով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ուղղեալ ողջոյնի խօսքը, ուր անոնք անդրադարձան Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր առաքելութեան, նաեւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին եւ հայոց եկեղեցւոյ ի նպաստ։

Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը հիւրերուն մաղթեց Աստուծոյ օգնականութիւնն ու առաջնորդութիւնը, որպէսզի անսասանօրէն իրագործեն իրենց սրբազան առաքելութիւնը Քրիստոսի եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ շէնացման համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր եղբայրական սէրն ու ողջոյնները փոխանցեց քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն։

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։

ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Միւս կողմէ, նոյնպէս երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպեցաւ Ախլցխայէն ուխտաւորներու հետ։ Այս վերջիններուն ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած էր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի նախաձեռնութեամբ։ Ախլցխայի հոգեւոր հովիւ Տ. Յակոբ Աբեղայ Սահակեան Նորին Սրբութեան տեղեկացուց ուխտագնացութեան ծրագրին մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետի ջերմ ընդունելութեան համար։ Հայր սուրբը միեւնոյն ժամանակ ուխտաւորներու սէրն ու զօրակցութիւնը փոխանցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին մտահոգութիւն յայտնելով եկեղեցական կեանքի վերջին օրերու զարգացումներուն առընչութեամբ։

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր սէրն ու օրհնութիւնը։ Ան նշեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մշտապէս սիրով կ՚ընդունի ուխտի մեկնած իր զաւակները։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ հովուապետական այցելութիւններու ժամանակ մշտապէս տեսած է ջաւախքահայութան զօրաւոր հաւատքը, ազգային նկարագիրը կերտելու ջանքն ու եռանդը, ինչպէս նաեւ անսակարկ սէրն ու նուիրումը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին նկատմամբ։ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ Ջաւախքի հայութիւնը ամուր կամուրջ մը կը հանդիսանայ հայ-վրացական բարեկամական յարաբերութիւններուն մէջ։

Նորին Սրբութիւնը զրոյցի տեւողութեան յորդորեց ուխտաւորներուն շարունակել ապաւինիլ հայ ժողովուրդի սրբութիւն սրբոցին՝ Սուրբ Էջմիածնին՝ մշտապէս իրենց հոգիին մէջ վառ պահելով պայծառ ապագայի նկատմամբ յոյսը։ Վերջաւորութեան ան մաղթեց, որ ամենողորմ տէրը նորոգէ անոնց ուխտը եւ իր շնորհները առատացնէ անոնց կեանքին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018