ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԱՍԻՆ
Քրիստոս այլակերպեցաւ, որպէսզի ցոյց տայ իր աշակերտներուն անոնց խոստացուած արքայութիւնն ու փառքը: Հանեց զանոնք լերան գագաթը եւ ցոյց տուաւ, թէ Ինք ինչպէս պիտի գայ վերջին օրը՝ աստուածութեան փառքով ու մարմնով եւ ըսելու համար, թէ Ինք ո՛չ Եղիան է, ո՛չ Մովսէսը, ո՛չ ալ մարգարէներէն մին:
Վարդավառը մեր տոհմիկ եւ ազգային աւանդութեան մէկ երեսը կը ներկայացնէ: Հայու հեթանոսական կրօնէն եւ ծէսերէն հնագոյն յիշատակ մըն է ան, որ չէ ջնջուած մեր ժողովուրդի յիշողութենէն, ընդհակառակը, միաձուլուած է Աւետարանի ամենէն գեղեցիկ եւ սքանչելի դէպքերէն մէկուն՝ Այլակերպութեան հետ:
Մեր պատմութեան փայլուն մէկ շրջանին, երբ Հայաստանի զինուորական եւ վարչական զինուժն ու աւագանին հանդէս կու գային իրենց պերճանքին ու հզօրութեան մեծավայելչութեամբ, Բագրեւանդ գաւառի մէջ, հայոց թագաւորը՝ իր այրուձիով, Այրարատեան չորս բիւր գումարտակներով, իշխաններով, սեպուհներով, աւագ կրօնական պաշտօնեաներով եւ ճորտերով: Ազնուականներու եւ ռամիկներու բազմութիւնը կը հասնէր միլիոններու (Ալիշան-Յուշիկք)…: Անահիտի եւ Աստղիկի մեհեաններուն զոհեր կը մատուցուէին տօնախմբութիւններու ընկերակցութեամբ: Հեթանոս Հայաստանի մէջ Անահիտ դիցուհին անառակութեան մայր չէր: Ան մայր էր (ամենայն զգաստութեանց), որ ժամանակին հեթանոսական ըմբռնումով կը մարմնաւորէր աստուածային բոլոր յատկութիւններն ու պայմանները, հետեւաբար արժանի էր պաշտամունքի: Նոյնիսկ հեթանոս աշխարհի մէջ տիրող գաղափարն էր մայրութեան գաղափարը, որ կնոջ մէջ իբրեւ աստուածային նկարագիր կը խորհրդանշէր բեղմնաւոր կեանքը:
Վարդավառին ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպուէին դէպի նշանաւոր լեռներու սրբատեղիներ եւ ջուրերու ակունքներ, որոնցմէ Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետը այդ սրբատեղիներէն ամենէն նշանաւորներէն էր:
ԽՆՁՈՐ ՉՈՒՏԵԼ ՄԻՆՉԵՒ ՎԱՐԴԱՎԱՌ
Հրեաներուն համար ցնծութեան եւ զուարճութեան օրեր էին Տաղաւարահարաց եօթն օրերը, տերեւազարդ տաղաւարներու տակ կը բնակէին, ամէն օր զոհեր կը մատուցէին, վէմէն բխած ջուրին յիշատակը կը կատարուէր, ուրախութեան հանդէսներ տեղի կ՚ունենային եւ նոր աւարտած կամ տրորուած այգեկութքի գինին իր պարգեւած խնդութեամբ կը պսակէր հանդէսները: Իսկ վերջին օրը թափօրով Սելովի աւազան կ՚երթային, քահանան սափորով ջուրը հանդէսով կը բերէր եւ ցնծութեան երգերու եւ նուագարաններու ընկերակցութեամբ, ջուրը տաճարի յատակին եւ բագինին վրայ կը սրսկուէր՝ Մովսէսի գաւազանով վէմէն բխած ջուրը պատկերացնելով. ժողովուրդը կր գոչէր Եսայիի խօսքերով. «Եւ առէք ջուր ուրախութեան յաղբերացն փրկութեան…» (Եսայի 12.3)։
Պօղոս առաքեալ յետագային կոչ կ՚ընէ կռապաշտութենէ հեռու մնալ, այսպէս. «Բոլորն ալ նոյն հոգեւոր ըմպելիքը խմեցին, որովհետեւ խմեցին հոգեւոր ժայռէ մը, որ իրենց հետ կ՚երթար. եւ այդ ժայռը Քրիստոս ինքն էր: Բայց անոնց մեծագոյն մասը հաճելի չեղաւ Աստուծոյ, ուստի անոնց դիակները անապատին մէջ տարտղնուեցան: Այս բաները պատահեցան՝ իբրեւ օրինակ մեզի, որպէսզի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին. եւ ոչ ալ կուռքեր պաշտենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պաշտեցին. Ս. Գիրքի վկայութեան համաձայն, որ կ՚ըսէ. «Ժողովուրդը նստաւ, կերաւ ու խմեց եւ ելաւ պարեց կուռքին առջեւ» (Ա.Կրն.10.4-7):
Իսկ Քրիստոս բարձրաձայն կ՚աղաղակէ. «Ով որ ճշմարիտ ջուրին ծարաւի է, իմ վարդապետութեանս ջուրէն խմէ. ով որ զիս կը լսէ եւ իմ խօսքերուս կը հաւատայ, անոր ներսէն կենդանութեան ջուրի գետեր կը բխին, ինչպէս Մովսէսի ձեռքով վէմին մէջէն ջուրեր վազեցին» (Մ. Ա. Օրմանեան):
Խորենացիի մեկնութեամբ՝ «Վարդավառի խորհուրդի մասին» ճառին մէջ կ՚իմանանք, որ աստուածային միջամտութեամբ բոլոր ֆիզիքական զեխութիւններն ու սանձարձակութիւնները Այլակերպութեան (կերպարանքի փոփոխութիւն) խորհուրդով կը վերածուին եւ կը փոխակերպուին հոգեւոր աննիւթական վայելքներու եւ պարգեւներու բաշխման հետ:
Այս գիրը կամ օրէնքը փոխուեցաւ՝ հոգիի շնորհներու, առօրեայ լուացումները՝ հոգեւոր լուացումներու, (ստուերի) տաղաւարը՝ ճշմարտութեան առագաստի:
Կը փոխադրուինք Գալիլիոյ Թաբոր լեռը, այժմ՝ (Ժեպել Էլ-Թուր), ուր Աստուածորդին իր աշակերտներուն, հանդերձեալ կեանքէն դրուագ մը կը փորձէ ցոյց տալ, լուսեղէն փառքով կը ճառագայթէ, Պայծառակերպուելով եւ իմացական ու ֆիզիքական ամէն գեղեցկութիւն փոխակերպելով հոգեղէնի, գեղեցկութեան եւ յաղթանակի՝ կը սպաննէ մեղք կոչուած թշնամին իր անմեղ եւ սուրբ հոգիի ճառագայթումով: Յիսուս իր աշակերտներէն միայն երեքը կ՚առնէ՝ իր գիշերային հսկումն ու աղօթքը կատարելու. Սիմոն Պետրոս եւ Զեբեդիան եղբայրները՝ Յակովբոս եւ Յովհաննէս: Այն աշակերտները, որ աւելի ուշիմ էին եւ ազնիւ: Պետրոսը միւսներէն աւելի կը սիրէր զինք, Յովհաննէսը Յիսուսի սիրելի աշակերտն էր, իսկ Յակովբոսը յետագային յանձն առաւ ըմպել Յիսուսի չարչարանքներուն բաժակէն: Յիսուս ըսաւ՝ «Ով զիս տեսաւ, տեսաւ Հայրը»: Ցոյց տալով, որ այդ տեսքով կը միաւորուի եւ կը հաւասարի Հօրը հետ, ուր մարմինը կը չէզոքանայ իր նիւթական եւ զգացական բաժիններէն՝ միանալով աստուածային աննիւթական գոյութեան հետ, խոստանալով մեր բնութիւնը եւս զգեստաւորել լուսեղէն պատմուճանով: Քրիստոսի մարդկային դէմքը պայծառանալով՝ կը փարատէ անգիտութեան եւ կռապաշտութեան խաւարը, Ան ցոյց կու տայ, թէ Ինքն է հալածողը տգիտութիւնն ու անաստուածութիւնը: Հեթանոսական բոլոր պերճանքները, որոնք փառքի խաբկանք մըն էին, կը նսեմանան Իր աստուածակերտ ճաճանչող դիմագիծերուն եւ էութեան առջեւ:
Երբ Ան աղօթքի մէջ էր, յանկարծ իր երեսին տեսքը փոխուեցաւ, լուսափայլ եւ վեհ կերպարանք մը ստացաւ: Ճառագայթներ կը ցոլային իր դէմքէն՝ արեւէն դուրս գալու նման՝ «Լուսաւորեցան երեսք նորա իբրեւ զարեգակն»: Իսկ հագուստները լուսաւոր փայլուն ճերմակութեամբ մը սպիտակեցան՝ «Սպիտակ իբրեւ զլոյս»: Եղիան եւ Մովսէսը Իրեն հետ երեւցան, որոնք կը զրուցէին Յիսուսի հետ, եւ որոնց խօսակցութեան նիւթը Յիսուսի կեանքի մնացեալ մասն ու չարչարանքներն էին: Երեք առաքեալները իրենց մրափէն արթնցան եւ տեսան անոնց փառքը՝ սքանչանալով եւ զարհուրելով, մինչ ամպ մը հովանի կ՚ըլլայ անոնց, իսկ Պետրոս կ՚առաջարկէ Յիսուսի, Եղիայի եւ Մովսէսի համար մէկական վրան շինել, որ այնտեղ մնան: Ձայն մը կը լսուի, որ կ՚ըսէ. «Այս է իմ սիրելի որդիս…»:
Յիսուս զանոնք ոտքի կը հանէ՝ իրենց վախերէն ձերբազատելով…
Հայերը կը սիրեն այս անմեկնելի լոյսի պատմութիւնը եւ կը միացնեն Վարդավառին կամ հայկական հին ամանորի տօնին հետ:
Ըստ լեզուաբաններու, Վարդավառ բառը պարսկական ծագում ունի, կը նշանակէ ջուր «վարդ», սրսկել։
Պայծառակերպութեան տօնը Հայոց եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մին է: Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ Վարդավառի մասին հետեւեալը. «Եւ ինչպէս Վարդը բացուելով կը յայտնուի ու կ՚երեւի, այնպէս ալ Տէրն ալ այսօր պայծառակերպուելով՝ կը յայտնէ իր Աստուածութիւնը»: Հին ժամանակ Վարդավառը կը տօնէին ջրային խաղերով, սիրահարներ աղաւնիներ կը թռցնէին ժողովրդական երգերով ու պարերով, եւ վարդեր կը նուիրէին մարդիկ իրարու:
Վարդավառը նաեւ կը յիշատակուի Ջրհեղեղը յիշատակելու համար. կը զուգադիպի Նոյեան տապանին՝ Արարատ լերան վրայ կանգ առած օրուան՝ 7-րդ ամսուն 15-րդ օրուան հետ: Ըստ աւանդութեան, Նոյ իր թոռներուն կը պատուիրէ տարին անգամ մը յիշատակել ջուրերուն երկրէն քաշուելու օրը:
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ