ՍՈՒՐԲ ԳԵՂԱՐԴԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ
Աստուածամուխ Ս. Գեղարդը շաբաթավերջին Սուրբ Էջմիածնի աւանդատուն-թանգարանէն դուրս բերուելով հաւատացեալներու օրհնութեան եւ երկրպագութեան տրամադրուեցաւ։ Նկատի ունենալով, որ Մայր Աթոռի դիւանատունը գրաւած խումբ մը մոլեռանդ ցուցարարներ պնդած էին, որ Ս. Գեղարդը վաճառուած է, ապա Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ շաբաթավերջին Ս. Գեղարդը հերթական անգամ վերաբերուեցաւ հաւատացեալներու օրհնութեան եւ երկրպագութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը եկեղեցականներու հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար, ուր «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկայ հաւատացեալները՝ հայցելով Աստուծոյ պահպանութիւնն ու օգնականութիւնը բոլորին համար։ Ս. Գեղարդը Մայր Տաճարի մէջ մնաց մինչեւ Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտը։
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին մայրավանքի տարածքէն ներս դժբախտաբար շարունակուեցաւ իբր թէ ցուցարարներու կողմէ ստեղծուած տխուր պատկերը։ Դիւանատան անմիջական հարեւանութեան մոլեռանդներու կողմէ լարուած վրանները շարունակեցին մնալ եւ խումբ մը ցուցարարներ ալ շարունակեցին նստիլ դիւանատան աստիճաններուն վրայ։ Ականատեսներու վկայութեամբ, հազիւ մէկ-երկու ոստիկան կը գտնուի տեղւոյն վրայ, բաւական կրաւորական դիրքորոշումով ու որեւէ միջամտութիւն չի կատարուիր։