ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան ներկայացան Պոստոնի շրջանի Հայփոյնթ համայնքի ուխտաւորները՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդ Քհնյ. Կիւզէլեանի եւ ուղեկցութեամբ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոյն շրջանի հոգեւոր հովիւ Հայր Ճոն Տիլէյնիի։ Հանդիպման սկիզբին Տ. Վարդ Քհնյ. Կիւզէլեան ներկայացուց ուխտաւորները եւ անդրադարձաւ, որ Հայր Ճոն Տիլէյնի միշտ զօրակցութիւն ցուցաբերած է Պոստոնի հայ համայնքին։
Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքները։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այս ուխտագնացութիւնը կը նպաստէ իրենց հոգեւոր կեանքի զօրացման։
Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կատարեց Հայ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու ջերմ յարաբերութիւններուն եւ հովուապետներու փոխադարձ այցելութիւններուն՝ կարեւորելով սերտ համագործակցութիւնը զանազան մակարդակներու վրայ։ Այս կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքի խօսքեր ուղղեց Հայր Ճոնին՝ Պոստոնի Հայփոյնթի հայկական համայնքին ի նպաստ ցուցաբերած զօրակցութեան եւ աջակցութեան համար։
Հանդիպման վերջաւորութեան ուխտաւորները երախտագիտութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւններուն, բարեմաղթանքներուն եւ ջերմ ընդունելութեան համար։