Երկուշաբթի 17, Մարտ 2025
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ նշանակուեցաւ Մհեր Մարգարեան։ Այս նշանակումը երէկ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Այսպէսով Մհեր Մարգարեան յառաջիկայ շրջանին պաշտօնավարութեան պիտի անցնի Նիւ Եորքի մէջ։
Հարկ է նշել, որ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչն էր այժմու արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ Այս վերջնոյն նախարար նշանակուելէն ի վեր մշտական ներկայացուցչի պաշտօնը թափուր էր։
Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018