Երկուշաբթի 17, Մարտ 2025
«ԼԱՊՏԵՐՆԵՐ»ՈՒ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳԸ
Գնալը կղզիի լողաւազանի ակումբին մէջ նախընթաց երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանէն «Լապտերներ» պատանիներու երաժշտախումբը, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին կողմէ կը հիւրընկալուի այս խումբը, որու նախընթաց օրուան համերգը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Ներկաներու շարքին էին Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Հոծ թիւով երաժշտասէրներ համերգի ընթացքին ապրեցան մեծ խանդավառութիւն։ Հարկ է նշել, որ «Լապտերներ»ը այս օրերուն համերգաշարով մը հանդէս կու գան կղզիներու վրայ եւ այս ծրագիրը կը համակարգեն՝ Սեւան Աթաօղլու եւ Յակոբ Կիւլէչ։
Հինգշաբթի, Օգոստոս 16, 2018