ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի «Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբման» 75 անդամուհիները։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը հիւրընկալեց յիշեալ համախմբման 75 անդամները, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեցին Լիբանանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայէն։

Հանդիպման սկիզբին համախմբման ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեան միութեան անդամներուն ներկայացուց Հայոց Հայրապետի գահակալութեան տարիներու համապարփակ պատմութիւնը։ Ան ապա իր եւ համախմբման անդամներու անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան Մայր Աթոռի յարկէն ներս հիւրընկալուելու համար՝ նշելով, որ համախմբման անդամները առաջին անգամ կ՚այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Անահիտ Տանձիկեան վստահութիւն յայտնեց, թէ շնորհիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կեցութեան, ժամերգութիւններու եւ սուրբ պատարագներու մասնակցութեան՝ համախմբան անդամները հաղորդ կը դառնան հայոց հոգեւոր կեդրոնէն ճառագող օրհնութեան։

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը՝ շուրջ վաթսուն տարի առաջ հիմնուած միութեան անդամները ողջունեց եւ անոնց բաշխեց իր օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը վերյիշեց, թէ ինչպէս այս համախմբման մասին առաջին տեղեկութիւնները ստացած էր երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն՝ հաստատելով, որ հայրապետը այս համախմբման մասին խօսելու ժամանակ չէր թաքցներ իր հիացումը՝ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ անոր կողմէ տածուած սիրոյ ու նուիրման վերաբերեալ։ Վեհափառ Հայրապետը արձանագրեց, որ իր գահակալութեան տարիներուն ինք եւս նոյն սէրն ու նուիրումը զգացած է ու դրսեւորուած տեսած համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին հանդէպ։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ փաստեց, որ ի դէմս կրօնասէր տիկնանց համախմբման անդամներուն, Մայր Աթոռը ունի Հայ Եկեղեցւոյ անձնդիր սպասաւորներ, որոնք իրենց անուրանալի դերակատարութիւնը ունին Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան իրականացման մէջ։

Ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր հայորդիի սիրտը կապ-ւած է Սուրբ Էջմիածնին՝ Վեհափառ Հայրապետը իր մասնաւոր գնահատանքը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց միութեան ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանին ու անդամներուն՝ իրենց նախանձախնդրութեան, հաւատարմութեան եւ մշտական զօրակցութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ իրենց երկիրներ վերադարձին Մայր Աթոռէն ու Հայաստանէն տպաւորութիւններուն անոնք հաղորդ պիտի դարձնեն նաեւ իրենց հարազատներն ու մտերիմները։

Հանդիպման վերջաւորութեան ներկաները հարցումներ ուղղեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ Մայր Աթոռի կրթական ծրագրերուն շուրջ։

Լիբանանի «Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբման» անդամները այս այցելութեան առթիւ Մայր Աթոռին ընծայեցին արծաթեայ սկիհ մը, որու դրուագումներու խորհրդաբանութիւնները ներկա-յացուեցան վարպետ Տիգրան Պաճանեանի կողմէ։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։

Միշաբաթեայ այցելութեան ընթացքին համախմբման անդամները ուխտագնացութիւններ կը կատարեն դէպի Հայաստանի սրբավայրերը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2018