ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ռումանահայ խումբ մը ուխտաւորներ։ Քոստանցա քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Օշական Քհնյ. Խաչատրեանի կողմէ առաջնորդուեցաւ ուխտաւորներու խումբը։ Հանդիպման սկիզբին տէր հայրը Նորին Սրբութեան նկատառման յանձնեց, որ ուխտաւորներուն մեծամասնութիւնը առաջին անգամ կ՚այցելէր Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ ռումանահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ կարեւորելով Ռումանահայոց թեմին կողմէ նման ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Սա աւելի կը սերտացնէ կապերը արմատներու հետ։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ողջունեց եկեղեցական կառոյցներու այն ծրագրերը, որոնք կը համախմբեն հայորդիները եւ կը նպաստեն անոնց ազգային ոգիի եւ գիտակցութեան կերտման։

Վերյիշելով տարիներ առաջ Ռումանիա կատարած հովուապետական այցելութիւնը՝ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ ականատես դարձած է ռումանահայութեան բարեպաշտ ոգիին եւ Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ անսակարկ սիրոյն ու հաւատարմութեան։ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նաեւ Ռումանիոյ կեանքէն ներս հայ համայնքի ունեցած պատմական կարեւոր դերակատարութեան մասին։ Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ ռումանահայ համայնքը հայ ժողովուրդին պարգեւած է նշանաւոր ու փառահեղ դէմքեր, որոնցմէ մէկն է երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետը։ Այս կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ ռումանահայութիւնը կը շարունակէ Հայ Եկեղեցւոյ մատրուակել արժանաւոր զաւակներ, որոնք հոգելոյս Վազգէն Վեհափառի օրինակով ներշնչուած՝ իրենց ծառայութիւնը կը բերեն Մայր Աթոռի շէնացման ու պայծառացման գործին։

Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց, որ ուխտաւորները դաստիարակեն իրենց զաւակները աստուածսիրութեան, հայրենասիրութեան ոգիով եւ ազգային արժէքներով։

Ռումանահայոց միութեան Քոստանցայի մասնաճիւղի ղեկավար Լիվիու Մերտինեան հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ օրհնութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ Քոստանցայի հայ համայնքը դարեր շարունակ կրած եւ փոխանցած է սերունդներու ազգային ինքնութեան պահպանման գիտակցութիւնը։

Վերջաւորութեան Նորին Սրբութիւնը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր աղօթքն ու բարեմաղթանքները՝ հայցելով, որ Աստուած նորոգէ անոնց ուխտը եւ իր առատ շնորհները հեղէ անոնց վրայ՝ պարգեւելով գործոց յաջողութիւններ, որպէսզի կարենան առաւել ծաղկեցնել իրենց համայնքն ու տիրախնամ թեմը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018